image

ՆԱԹՕ-էն դուրս գալու պահանջով Թուրքիոյ մէջ ստորագրահաւաք սկսած է

ՆԱԹՕ-էն դուրս գալու պահանջով Թուրքիոյ մէջ ստորագրահաւաք սկսած է

Թուրքիոյ «Ժողովրդական ներկայացուցիչներու համագումար»ի նախաձեռնութեամբ ՆԱԹՕ-էն Թուրքիան դուրս ելլելու պահանջով ստորագրահաւաք սկսած է ։

Այս մասին յայտնած է ermenihaber.am:

Նախաձեռնութեան ներկայացուցիչները նշած են, որ Թուրքիոյ անվտանգութեան, անկախութեան, ինքնիշխանութեան եւ աշխարհի խաղաղութեան համար Թուրքիան դուրս պէտք է ելլէ ՆԱԹՕ-էն։

Ստորագրահաւաքին մասնակցած են գիտնականներ, լրագրողներ, մշակութային ոլորտի ներկայացուցիչներ մասնաւորապէս գրողներ, բանաստեղծներ, նկարիչներ եւ դերասաններ։

Նախաձեռնութեան կազմակերպիչները նշած են, որ ՆԱԹՕ-էն դուրս ելլելու ստորագրահաւաքի արդիւնքները պիտի ներկայացուին Թուրքիոյ խորհրդարան (մեճլիս):

Յիշեցնենք, որ Թուրքիան անդամակցած է ՆԱԹՕ-ին 1952-ին։