image
Հրատապ լուրեր:

«Մեր ձեւով» շարժումը ստորագրահաւաք պիտի սկսի

«Մեր ձեւով» շարժումը ստորագրահաւաք պիտի սկսի

«Մեր ձեւով» շարժումը պիտի սկսի ստորագրահաւաք իրականացնել՝ ելեկտրականութեան սակագիները իջեցնելու համար։ 3 դեկտեմբերին, մամուլի ասուլիսի ընթացքին իրաւաբան Գոհար Մելոյեան յայտնած է, որ ստորագրահաւաքը պիտի կատարուի ողջ Հայաստանի մէջ։ Օրէնքով ժամկէտներ նախատեսուած չեն, սակայն կազմակերպիչները նպատակ ունին հաւաքը կատարել ըստ հնարաւորութեան սեղմ ժամկէտներով։

Մելոյեան յիշեցուցած է հարցի նախապատմութիւնը։ Ընթացիկ տարուան մայիսին, մինչեւ «ՀԷՑ»-ի սեփականատիրոջ՝ համաշխարհային ճանաչում ունեցող գործարար եւ բարերար Սամուէլ Կարապետեանի կալանաւորումը, «Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր» (ՀԷՑ) ընկերութիւնն անձամբ ՀԾԿՀ (Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողով) ներկայացուցած է առաջարկութիւն՝ սակագիները 6 միլիառ դրամի չափով խնայուած միջոցներու հաշուոյն նուազեցնելու համար։ Ինչպէս նշած է Մելոյեան՝ խնայողութիւններ կրցած են իրականացնել՝ 10 տարուան ընթացքին ստեղծուած համակարգի, նոր հաշուիչներու ներդրման, ելեկտրականութեան գողութեան կանխման եւ այլնի շնորհիւ։ Ընկերութիւնը հաշուարկած է, որ հետագային եւս հնարաւոր է խնայել։ Սակայն ՀԾԿՀ-ն մերժած է սակագիները իջեցնելու որոշումը՝ պատճառաբանելով, որ խնայուած միջոցները կրնան անհրաժեշտ ըլլալ։

ՀԾԿՀ-ն առայժմ կ'անտեսէ եւ չի պատասխաներ ՀԷՑ-ի երկրորդ դիմումին։ Շարժման ներկայացուցիչ Արթուր Միքայէլեանի խօսքով՝ հնարաւորութիւն կայ սակագիները իջեցնել 3 դրամով, ինչ որ կարեւոր է առաջին հերթին ընկերային անապահով խումբերուն համար։ Ան նաեւ ընդգծած է, որ ՀԷՑ-ը Սամուէլ Կարապետեանին անցնելու պահէն ելեկտրականութեան գինը չէ բարձրացած, չնայած, որ երկրին մէջ տարուէ տարի ամէն ինչ կը թանկանայ։ «Առաջին հայեացքից թուում է, թէ 3 դրամի գումարը փոքր է, բայց մէկ տարուայ ընթացքում խնայուած գումարը թոյլ կու տայ մէկ-երկու ամսուայ կազի կամ լոյսի վարձը վճարել։ Դա լուրջ օգնութիւն է մարդկանց համար», - նշած է ան։

Մելոյեան ՀԾԿՀ-ի մերժումները որակած է որպէս ձեռնավարական եւ բացարձակ անհեթեթ համարած է այն, որ սեփականատէրը կ'առաջարկէ իջեցնել սակագինը, իսկ Յանձնաժողովը կը դիմադրէ։ Ան փաստած է, որ «ՀԷՑ»-ը Կարապետեանին փոխանցելու պահուն գտնուած է սնանկացման եզրին։ Գործարարը ներդրած է շուրջ 800 միլիոն տոլար եւ 5 տարուան ընթացքին կարողացած է ոտքի կանգնեցնել ընկերութիւնը։ Ընդ որում, Կարապետեան ոչ միայն կատարած է ելեկտրականութեան գինը չբարձրացնելու խոստումը, այլեւ հնարաւորութիւն ստեղծած է զանոնք իջեցնելու համար։ «Պէտք է իշխանութիւններին հարցնել, թէ ինչու են նրանք խօսում հնարաւոր թանկացման մասին, այն դէպքում, երբ կայ իջեցման հնարաւորութիւն», - նկատել տուած է Գոհար Մելոյեան։

Միեւնոյն ժամանակ, ան չէ բացառած, որ Հանրային կարգաւորող յանձնաժողովը եւ ԵՏՀ-ի ժամանակաւոր կառավարիչը դիմադրեն սակագիներու նուազեցման՝ մտադիր ըլլալով խնայուած 6 միլիառը ծախսել «պոնուսներ»ու վրայ։