image

Նաթալի Ռոթընպըրկ պաշտօնապէս Երեւանի քաղաքապետութեան թեկնածու

Նաթալի Ռոթընպըրկ պաշտօնապէս Երեւանի քաղաքապետութեան թեկնածու

«Ուժը հայրենեաց» կուսակցութեան՝ 20 օգոստոսին կայացած առաջին համագումարին Նաթալիա Ռոթընպըրկն առաջադրուած է Երեւանի քաղաքապետի թեկնածու։

«Մարդիկ դադրած են երազել, շատերը յանձնուած են, բայց մենք դեռ կը հաւատանք եւ կը շարունակենք առաջ երթալ»,-«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ իր ելոյթին մէջ նշած է Ռոթընպըրկ։

Նշենք, որ«Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը քաղաքապետի պաշտօնին պիտի առաջադրէ նախկին փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանի թեկնածութիւնը:

Երեւանի քաղաքապետի հերթական ընտրութիւնները նախատեսուած են 2023 թուականին: