image
Հրատապ լուրեր:

Նարեկ Սամսոնեան ազատ կ'արձակուի

Նարեկ Սամսոնեան ազատ կ'արձակուի

«Քաղաքացիական գիտակցութիւն» ՀԿ-ի նախագահ Նարեկ Սամսոնեան ազատ արձակուեցաւ։ Այս մասին ըսաւ անոր փաստաբան Ռուբէն Մելիքեանը։

Յիշեցնենք, որ Նարեկ Սամսոնեանը իր տան բակէն բերման ենթարկած էին այն պահուն, երբ ան ինքնակամ կ'երթար Նոր Նորքի քննչական բաժին։ Ռուբէն Մելիքեանն ալ յայտնած էր, որ քննիչը հեռախօսազանգով տեղեկացուցած է Սամսոնեանին՝ ժամը 12։00-ին քննչական բաժին ներկայանալու համար, սակայն չէ սպասած, որ Սամսոնեանը երթայ, եւ որոշուած էր զայն բերման ենթարկել։