Արշաւիր Գաբուճեան կը գրէ «Նամակագրագէտ մայրս օր մը իր պաշտօնը ինծի յանձնեց: Չդարձայ նամակագիր, այլ պարզապէս՝ գրագիր. պիտի թելադրէր՝ ես ալ գրէի. ձանձրալի էր. կ'ըսպասէի ''կարօտով'', ''պաչիկներով'' աւարտներուն, որ ստորագրէի մօրս փոխարէն, չէ՞ որ նոյն անուան սկզբնատառերն ու ազգանունները ունէինք, բայց չէր թոյլատրուեր: Այո՛, ձանձրալի էր, բայց միաժամանակ հետաքրքրական. կը մտածէի մայրս ի՞նչ էր ըսելու, և ես ի՞նչ կ՛ուզէի ըսել իր փոխարէն… իմ մտածումներս աւելի գեղեցիկ էին՝ շփացած պատանիիս համար: Օր մըն ալ գրագրութենէն անցայ բուն պաշտօնին. նամակ գրելու պարտականութիւնը ամբողջութեամբ ինծի վստահուեցաւ, պէտք էր պատասխանէի Հայաստանի ''Բարևագիր''ներուն և Արժանթինի ''Սիրելի եղբայրս, հարսս'' նամակներուն: Գրիչը ձեռքիս կը շարժէր, բայց տետրի մը սպիտակ թուղթը դեռ երկար ժամանակ դատարկ կը մնար… կ'ամչնայի ես ինձմէ. ո՞ւր էին ''գրագէտ''իս օրերուն գեղեցիկ մտածումները, որոնց մրցորդի դեր էի տուած, մօրս միտքերուն դիմաց. կը յիշէի միայն մօրս բառերը՝ ''մենք ձեզի կարօտցած ենք, վստահ եմ դուք ալ մեզի…'', և զանոնք վերաքաղելով, իբրև թէ նամակ մը սկսած ու գրած ըլլայի: Մօրս կարի և տան գործերը շատ ըլլալուն պատճառով, բախտս կը բերէր, որ անոր ստորագրութիւնն ալ կորզէի ու արագ ծրարելով ամենէն հաճելի բաժնին՝ հասցէագրման անցնէի:
Հիմա, երբ կը վերյիշեմ և անոնցմէ ոմանք կը կարդամ, կ'ուզեմ շուտ ծալլել իրենց նոյն գծածալքերով, որպէսզի չյիշեմ, որ ես եմ գրեր… տակաւին, ի շարս և ի յաւելումն ասոնց, անգրագէտ ըլլալուս ապացոյցը կու գային տալու դպրոցական շարադրական նամակներս՝ նոյնքան անհաճ, նոյնքան անհամ, ինչքան գրատեսակս. բայց միշտ ալ զարմացեր եմ անոնց հետևող ամենահամով պատասխաններէն: Բոլոր նամակներն ալ կապ են սիրելիներուն համար՝ հեռուն մօտիկ բերող. իսկ այս պարագային ո՞վ էր հեռուն՝ մե՞նք, թե՞ իրենք… երևի իրենք, որ մեզմէ հեռու կ'ըզգային… ուրեմն նամակը աւելի՞ քաղցրութիւն ունի հեռաւորներուն համար. հեռացածնե՞րն են հեռու, թէ մնացածները, և ուրկէ՞, ծննդավայրէ՞ն. չէ՞ որ երկու կողմերն ալ հեռուներ են… բաժանման հաւասարաբեր կէտն է ծննդավայրը, երբ բաժանում կայ:
Այդ տարիները շուտ անցան, և իրարու յաջորդեցին ''վտանգաւոր նամակներու'' տարիները: Ի՞նչ ճակատագիր ունեցան անոնք. վտանգաւոր յեղափոխականներու ճակատագիր՝ կա՛մ բանտուեցան կա՛մ սպաննուեցան, այլապէս ճշմարտութեան բացայայտումը գուցէ ճակատագրական ըլլար… չմոռնամ ըսելու նաև, որ եղան նամակներ՝ կորած դէմքերու նման՝ կորսուեցան. ինչպէ՞ս, ինչո՞ւ, ո՞ւր… չեմ գիտեր. չգիտնալը կամ աւելի ճիշտ՝ չմտածելը արդէն, ինքնին պատասխանն է այս եռահարց առեղծուածին:
Նամակները կենսագրութիւն են: Կ'ափսոսամ, որ զանոնք չունիմ, ոչ թէ Մեծարենցեան կամ Դուրեանական նամականի ունենալու, այլ հեռաւոր կամ մօտիկ անցեալ մը կարդալու, հասկնալու, շատ բան արժևորելու: Մարդու էութիւնը՝ իր ներանձնական ոլորտը, խորքն ու խռովքը ուղղակիօրէն պատկերուած, միայն նամակներու մէջ է, որ կ'ուրուագրուին. չէ՞ որ նամակները ժամանակի մը պատմութիւնն են, դիմանկար մը, արձան մը, քանդակ մը, ընձիւղուած արժէք մը, փայփայուած սէր մը կերտող. բայց ի՜նչ լաւ կ'ըլլար, որ նման նամակներ պահուէին, ուր միայն ճշմարտութեան, անկեղծութեան բացայայտում կայ. ի՜նչ լաւ կ'ըլլար, որ անոնք սեղանի վրայ ազատ դրուած ըլլային, և ոչ մէկ աչք համարձակէր ձեռք տալ անոնց. միևնոյնն է, ժամանակը ի՛նք կը բանար ու կը յանձնէր մարդոց՝ այդ մարդոց: Անոնց բացառիկութիւնը ինքնուրոյնութեան մէջ է, զոր ոչ վէպերու, ոչ ալ նամականիներու մէջ կարդացեր եմ, աւելի գերբացառիկները՝ գուցէ, բայց նմանները՝ ոչ երբեք, որովհետև անոնք իւրովի էին, իրական, ճշմարիտ ու անկեղծ, իրենց խստութեամբ, գորովով, խանդաղատանքով…իսկ ամէն մէկ էջ պատռելով, ինչքա՜ն զգացում ոգի թաղեր ենք, գաղափարական հերոսներ սպաննելու պէս։
Այսօր կը մտածեմ ԱՅԴ նամակներու մասին. իսկ աւելի ստոյգ՝ ոչ թէ նամակագիրներու մասին՝ քու կամ իմ մասին, այլ նամակներու մասին։ Այդ կորած նամակներով ես կը գրէի գործ մը՝ ''Դուն և ես'':
Հաւատացէ՛ք, նամակներն ալ արուեստի գործեր են՝ մշակութային կոթողներ. մարդեր են անոնք, որոնց մասին աւելի երկար կը կանգնիս մտածելու, քան արձանի մը կամ նկարի մը առջև: Կ'արժէ՞ այս բոլորը պայթեցնել, աւերել, անհետ ջնջել. ճի՞շդ է այս բոլորը ''անհետացնել'', ջնջել ամէն հետք անոնցմէ. ուրեմն, կա՛մ մերժեր ենք զանոնք կա՛մ վախցեր ենք մենք մեզմէ, որ յանկարծ անոնք չբացայայտուին, և կամ ալ ցանկութիւններ ենք արդարօրէն յարգեր. ազնւութիւն է, այո՛, երբ մտածեր ես հասցէամարդուն մասին նաև, ու մանաւանդ:
Պատկերացուցէ՛ք միայն, եթէ պահուած ըլլային ''վտանգաւոր'' նամակները...
Չբռնուած բառը մեռած մտածում է կամ՝ կորած, անդարձ երազ. իսկ բռնուած բառն ու երազը սպաննելը…»