image

Անորոշ՝ Մտահոգիչ Պարունակութեամբ «Խաղաղութեան Պայմանագիրը» ինքնին իրական խաղաղութեան երաշխիք չէ. Գրեց՝ Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան

Անորոշ՝ Մտահոգիչ Պարունակութեամբ  «Խաղաղութեան Պայմանագիրը» ինքնին  իրական խաղաղութեան երաշխիք չէ. Գրեց՝ Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան

Այս մտահոգութիւնը եւ յոռետեսութիւնը հիմնաւորուած են մանաւանդ առարկայական լրջագոյն մէկ մեծ հիմնական, բացայայտ բացթողումի մը վրայ՝ որ մինչև այսօր, չորս տարիներ ետք, տակաւին ակնյայտ բացակայութիւնն է Հայաստանի պաշտպանական բարձրագոյն մակարդակի ռազմական պատրաստութեան, որ վստահելի կարեւորագոյն երաշխիքը պիտի ըլլար որեւէ պայմանագրի մը իսկական տոկունութեան և հետևաբար անոր իսկական արժէքին:

Արդարեւ պատմութիւնը բազմիցս ցոյց տուած է թէ ամէն ժամանակներու եւ ամէն վայրերու մէջ որեւէ երկրի մը համար խաղաղութեան ամենաապահով երաշխիքը անոր կատարեալ պատրաստութիւնն է իր սեփական ոյժերով ռազմականօրէն դիմագրաւելու որեւէ յարձակում իր սահմաններուն վրայ:

Այս պատրաստութեան բացակայութեան պայմաններուն մէջ, դժբախտաբար թուղթ եւ ստորագրութիւն կ'արժեն միայն այնքան որքան կ'արժեն այդ թուղթը եւ այդ ստորագրութեան մելանը :

Հայաստանի իշխանութիւնները այս օրերուն մեծ ակնկալութիւններ կուզեն վերագրել այն տեղեկատուութեան թէ Ատրպէյճանի հետ «ԽաղաղութեանՊայմանագրի» շարադրութիւնը վերջնականացած է:

Արդարեւ, քառասունչորս օրեայ տխրահռչակ պարտութեամբ վերջացած պատերազմէն ետք, անցեալ չորս տարիներուն ընթացքին, Հայաստանի իշխանութիւնը իբրեւ իր ռազմաքաղաքական գլխաւոր նպատակ կը հետապնդէ, գոնէ իր տեսլականով, Հայաստանին համար խաղաղ եւ հանգիստ շրջան մը ապահովելու երաշխիք տալիք, Ատրպէյճանի հետ՝ այսպէս կոչուած «Խաղաղութեան դաշնագրի» մը ստորագրութիւնը:

Այդ չորս տարիներուն ընթացքին, վարչապետ Փաշինեան եւ ՔՊ-ական իր գլխաւոր գործակիցները առանց յուսահատելու ամէն առիթ օգտագործեցին հասնելու համար այս դաշնագրի վերջնականացման: Միւս կողմէ սակայն, ընդհակառակը այս ամբողջ տեւողութեան, պատերազմի յաջողութենէն գինովցած ինքնավստահ Ատրպէյճանը, շարունակաբար ցուցադրեց ամբարտաւան եւ արտառոց պահանջներ եւ պայմաններ ուղղուած Հայաստանին իր բոլոր արտայայտութեանց ընթացքին:

Այս սանձարձակ ամբարտաւանութեան գագաթնակէտը կը կայանայ տակաւին մինչեւ այսօր՝ Ատրպէյճանի պետական բարձրագոյն դիրքերու վրայ գտնուող անձնաւորութեանց կողմէ ամբողջ Հայաստանը «Արեւմտեան Ատրպէյճան» անուանելը,:

Այս պայմաններուն տակ է որ, անցնող օրերուն ընթացքին, Հայաստանի մէջ եւ ապա միջազգային մամուլին մէջ յանկարծ տարածուեցաւ լուրը թէ Հայաստան եւ Ատրպէյճան համաձայնած են «Խաղաղութեան Պայմանագրին» պարունակութեան բոլոր կէտերուն շուրջ: Յատկանշական է սակայն որ մինչ Հայաստանի իշխանութիւնները կը ջանան այս պարագան ներկայացնել որպէս կարեւոր իրագործում մը, եւ նոյնպէս ալ, մինչ Եւրոպական, Ամերիկեան եւ մերձակայ երկիրները եւս, լաւատեսութեամբ կ'արձագանգեն այս լուրին, միւս կողմէ սակայն, պայմանագրին ստորագրութեան վայրին եւ թուականին մասին ոչմիայն մինչեւ օրս չկայ որեւէ տեղեկութիւն, այլ մանաւանդ նոյն ինքը, Ատրպէյճանը ոչ մէկ կերպ կ'անդրադառնայ այդ նիւթին: Առաւել եւս, տակաւին ամէն օր Ալիեւ կ'արտայայտուի Հայաստանէն նոր զիջումներ պահանջելու լեզուով:

Այս բոլորին առջեւ, բոլորովին հասկնալի է թէ նոյն ինքը հայրենաբնակ հայ ժողովուրդին խոշոր մեծամասնութիւնը մտահոգ եւ թերահաւատ է: Աւելին եւս, յոռետեսութեամբ անոնք կ'սպասեն որ նախ իրազեկ դառնան շեփորուած այս պայմանագրին ամբողջական բովանդակութեան:

Սփիւռքը իր կարգին՝ կը բաժնէ ընդհանրապէս հայրենի ժողովուրդին յոռետեսութիւնը, նկատի ունենալով այսօրուան իշխանութեան, այլեւս մինչև այսօր բազմիցս դրսեւորած, պարտուողական զիջումներու երթալու գործելակերպը:

Ահա այս պայմաններուն մէջ է որ հասկնալի է թէ ի պատասխան մեզի ուղղուած հարցումներուն եւ մեզմէ ակնկալուած այս կապակցութեամբ մեր կեցուածքը բացայայտելու պահանջներուն, մենք որպէս գիտակից հայեր, հիմնուելով «Խաղաղութեան Պայմանագրին» մասին մինչեւ այսօր ընդհանուրին հասանելի անկատար տուեալներուն վրայ, մենք եւս կ'արտայայտենք մեր մտահոգութիւնը եւ առայժմ յոռետեսութիւնը:

Այս մտահոգութիւնը եւ յոռետեսութիւնը հիմնաւորուած են մանաւանդ առարկայական լրջագոյն մէկ մեծ հիմնական, բացայայտ բացթողումի մը վրայ՝ որ մինչև այսօր, չորս տարիներ ետք, տակաւին ակնյայտ բացակայութիւնն է Հայաստանի պաշտպանական բարձրագոյն մակարդակի ռազմական պատրաստութեան, որ վստահելի կարեւորագոյն երաշխիքը պիտի ըլլար որեւէ պայմանագրի մը իսկական տոկունութեան և հետևաբար անոր իսկական արժէքին:

Արդարեւ պատմութիւնը բազմիցս ցոյց տուած է թէ ամէն ժամանակներու եւ ամէն վայրերու մէջ որեւէ երկրի մը համար խաղաղութեան ամենաապահով երաշխիքը անոր կատարեալ պատրաստութիւնն է իր սեփական ոյժերով ռազմականօրէն դիմագրաւելու որեւէ յարձակում իր սահմաններուն վրայ:

Այս պատրաստութեան բացակայութեան պայմաններուն մէջ, դժբախտաբար թուղթ եւ ստորագրութիւն կ'արժեն միայն այնքան որքան կ'արժեն այդ թուղթը եւ այդ ստորագրութեան մելանը :

 

Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան