image

Նախկին Վարչապետը՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառին հիւր

Նախկին Վարչապետը՝  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառին հիւր

Լիբանանի  քաղաքական կեանքին մէջ կարեւոր դեր ունեցած Սալամ  ընտանիքի (Սիւննի համայնքէն)   աւագներէն, նախկին Վարչապետ Թամմամ Սալամ   Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարան՝ Անթիլիաս  այցելած   եւ ընդունուած է  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ։

Ստորեւ հաղորդագրութիւնը՝

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆԱԽԿԻՆ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ԹԱՄՄԱՄ ՍԱԼԱՄԸ

Այս առաւօտ` Ուրբաթ, 12 Դեկտեմբեր 2025-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի Հանրապետութեան նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամի։

Աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեամբ մտերմիկ խօսակցութիւն կայացաւ Նորին Սրբութեան ու նախկին վարչապետին միջեւ։

Երկար տարիներէ ի վեր մօտէն ծանօթ ըլլալով իրարու, Հայրապետն ու նախկին վարչապետը Լիբանանի ու Միջին Արեւելքի առնչուած շարք մը հարցերու շուրջ իրենց անկեղծ տեսակէտերն ու մտահոգութիւնները բաժնեցին։

Նախկին վարչապետ Սալամ շնորհաւորեց Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսին հայրապետական գահակալութեան երեսնամեակը՝ վեր առնելով անոր բերած կարեւոր նպաստը Լիբանանի, հայութեան եւ ընդհանրապէս միջ-կրօնական երկխօսութեան ծիրէն ներս։