image

Նախիջեւանի մէջ Ատրպէյճան զօրավարժութիւններ կը կատարէ

Նախիջեւանի մէջ Ատրպէյճան զօրավարժութիւններ կը կատարէ

Ատրպէյճանը Նախիջեւանի մէջ իրականացուցած է առանձին բանակի հրամանատարաշտաբային զօրավարժութիւններ՝ 2025 թուականի պատրաստութեան ծրագրի համաձայն, յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։

Տագնապի ազդանշանով ստորաբաժանումները շարժած են դէպի զօրավարժութիւններու կայացման շրջաններ, ուր ստուգուած են ատոնց մանեւրելու ունակութիւնը եւ հրամանատարական կազմի գործողութիւնները դաշտային միջավայրի մէջ։