image
Հրատապ լուրեր:

Նախարար Քերոբեանէն դիտարկում Հայաստանի մէջ կառուցուելիք «Չոր նաւանահանգիստ»ին մասին

Նախարար Քերոբեանէն դիտարկում  Հայաստանի մէջ կառուցուելիք «Չոր նաւանահանգիստ»ին մասին

Գիւմրիի մէջ կառուցուելիք «Չոր նաւահանգիստը» պիտի դառնայ Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուցած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրի բաղադրիչը:  

Կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, այս մասին յայտարարած է Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեան:

«Անցեալ շաբաթ տեղի ունեցաւ Հանրային ներդրումային կոմիտէի նիստ, որի ընթացքում հաստատուեց «Չոր նաւահանգստ»ի խորը տեխնիկա-տնտեսական վերլուծութիւնը, եւ վարչապետը յանձնարարեց ձեւաւորել ճանապարհային քարտէզ ու արդէն սկսել իրագործումը: Պէտք է նշեմ նաեւ, որ քննարկուեց եւ ձեռք բերուեց համաձայնութիւն, որ «Չոր նաւահանգիստը», որն, ըստ էութեան, համընկնում է «Խաղաղութեան խաչմերուկ»ի հիւսիս-արեւմտեան հանգոյցին, ներդրուի հէնց «Խաղաղութեան խաչմերուկ»ի ընդհանուր ծրագրի մէջ եւ արդէն ներկայանայ որպէս դրա բաղադրիչներից մէկը», ըսած է Վահան  Քերոբեան: 

Ան նշած է, որ այս տարի արդէն իսկ առարկայական քայլերու պիտի ձեռնարկուին «Չոր նաւահանգիստ»ի գործարկման ուղղութեամբ:

«Արդէն շրջանառութեան մէջ ենք դրել ճանապարհային քարտէզը, որն, ի դէպ, կազմում է տեխնիկա-տնտեսական վերլուծութեան մաս: Զուգահեռաբար արդէն տանում ենք տարբեր աշխատանքներ՝ գործարքի համար խորհրդատուական ընկերութիւն ներգրաւելու, մրցութային փաթեթ կազմելու եւ արդէն կոնկրետ ներդրումային ընկերութիւններ ներգրաւելու ուղղութեամբ», յայտնած է Քերոբեան: