image

Նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի խօսած է Սուրիոյ բանակին երկրով մէկ գերակայութեան կարեւորութեան մասին

Նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի խօսած է Սուրիոյ բանակին երկրով մէկ գերակայութեան կարեւորութեան մասին

Սուրիական բանակը պէտք է վերահսկողութիւն ստանայ երկրի բոլոր սահմաններու նկատմամբ։ Այս մասին յայտարարած է Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին Թեհրանի մէջ Սուրիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ֆէյսալ Մըքտատի հետ հանդիպման ժամանակ: Այս մասին կը հաղորդէ «Mehr»-ը։

Իրանի նախագահն ընդգծած է որոշ երկիրներու խնդիրներու լուծման անհրաժեշտութիւնը եւ աւելցուցած, որ սուրիական բանակը պէտք է գերակայէ երկրի բոլոր սահմաններուն, եւ այդ առումով պէտք է յարգուի Սուրիոյ ազգային ինքնիշխանութիւնը։ «Այդ խնդիրներու անտեսումը տարածաշրջանին մէջ տարբեր վտանգներու առաջացման կը յանգեցնէ»,- ընդգծած է ան: