Լիբանանի նախագահ Միշել Աուն «Լիբանանեան արժանեաց ոսկեայ շքանշան» ընծայեց բժշկութեան ոլորտին մէջ 2021 թուականի Նոպելեան մրցանակին արժանացած ամերիկաբնակ լիբանանահայ Արտեմ Փաթափութեանին:
Նախագահ Աուն բարձր գնահատեց լիբանանահայ գիտնականը, որ մրցանակին արժանացած է ջերմաստիճանի ընկալիչներու եւ շօշափելիքի ուսումնասիրութեան ժամանակ իր կատարած իւրայատուկ բացայայտումներուն համար:
«Այս իրադարձութիւնը հպարտութիւն է իւրաքանչիւր լիբանանցիի համար, ինչպէս նաեւ գնահատանք է ձեր գիտական երկարատեւ հետազօտութիւններուն, որոնք արդիւնաւորուեցան այս նուաճումով: Իրագործում մը, որ Լիբանանի համար նաեւ նուաճում է, յատկապէս երկրին դիմագրաւած ներկայ դժուար պայմաններուն լոյսին տակ», ըսաւ նախագահ Աուն:
Ան հաստատեց, որ ամբողջ մարդկութիւնը շնորհակալ պիտի ըլլայ Արտեմ Փաթափութեանի գիտական նուաճումին համար, որ պիտի օժանդակէ մարդկային մարմինը աւելի ամբողջական կերպով ուսումնասիրելու եւ հասկնալու:
«Ջանասիրաբար կատարած ձեր անխոնջ աշխատանքին եւ գիտական ուսումնասիրութիւններուն համար ստացած այս բարձրագոյն մրցանակին արժանի էք, եւ գնահատելու համար ձեր նուաճումը, ձեզի կը շնորհեմ «Լիբանանեան արժանեաց ոսկեայ շքանշան»-ը` մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ, նուաճումներ եւ առողջութիւն», շեշտեց նախագահ Աուն:
Լուրը՝ «Ազդակ»-էն։