Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Դամասկոսի մէջ ընդունած է Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուն, որ ժամանած է Սիրիա՝ ստուգելու Միջերկրական ծովի արեւելքը գտնուող ռուսական ռազմածովային զօրավարժութիւններու կայացումը։
Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը նշած է, որ նախարար Շոյկուն «հանդիպման ժամանակ Սուրիոյ նախագահին տեղեկացուցած է Միջերկրական ծովի արեւելեան հատուածին մէջ ռուսական ռազմածովային զօրավարժութիւններու յառաջընթացին մասին»։
Նախարարութիւնը յաւելած է. «Քննարկուած են երկու երկիրներու ռազմական համագործակցութեան տարբեր հարցեր` միջազգային ահաբեկիչներու մնացորդներու դէմ համատեղ պայքարի, ինչպէս նաեւ ռուսական մարդասիրական օգնութիւնը սուրիացի ժողովուրդին, որ կը տառապի ոչ-արդարացի պատժամիջոցներէ՝ պարտադրուած Միացեալ Նահանգներու եւ արեւմտեան երկիրներու կողմէ»:
Իր հերթին, Սուրիոյ նախագահութիւնը յայտարարութեամբ մը նշած է, որ զրոյցը վերաբերած է «ռուսական եւ սուրիական բանակներուն միջեւ առկայ համագործակցութեան, յատկապէս ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հարցով»:
Նախագահութիւնը յայտարարած է, որ նախարար Շոյկուն «վերահաստատած է, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ համագործակցիլ Սուրիոյ հետ այս ոլորտին մէջ, քանի դեռ անոր ինքնիշխանութիւնը չէ վերականգնուած իր ամբողջ տարածքին, չնայած ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն աջակցող երկիրներու փորձերուն` այդ կազմակերպութիւնները վերագործարկելու, անոնց կրած կորուստներէն յետոյ»:
Ավելի վաղ Ռուսաստանի ռազմածովային ուժերու գլխաւոր հրամանատար, ծովակալ Նիքոլա Էվմինով յայտնած էր, որ աւելի քան 140 ռազմածովային նավ՝ ծածկուած 60 ինքնաթիռով, կը մասնակցին Միջերկրական ծովուն մէջ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան ձեռնարկած զօրավարժութիւններուն։