Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան նախագահ Պաշշար Ասատ եւ առաջին Տիկին Ասմա Ասսատ ամբողջապէս ապաքինուած են «Քովիտ»էն։
«Արեւելք» այս մասին լուրը քաղեց «Սփութնիք» ծառայութեան արաբական բաժնէն։
Աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ նախագահին ու անոր տիկնոջ մօտ «Քովիտ»ի բոլոր ախտանշանները արդէն իսկ վերացած են եւ ան սովորականին պէս պիտի անցնի իր աշխատանքներուն։
Նշենք, որ նախագահ Ասատի «Քովիտ»ով վարակուած ըլլալու մասին գրած էինք անցնող 8 մարտին։