Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի առաջարկով Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը Զուիցերիոյ մէջ կազմակերպած է «Կրօնական Ազատութիւն. հայկական հոգեւոր, մշակութային եւ պատմական ժառանգութեան պահպանումը Արցախի մէջ» խորագիրով միջազգային համաժողով։
Համաժողովի ընթացքին Վեհափառը յայտարարած է, որ Թուրքիոյ ռազմական աջակցութեամբ Ատրպէյճան իրականացուցած է ոճրագոծութիւն՝ բռնագրաւած եւ ամբողջապէս հայաթափած է Արցախը, գրաւած է Հայաստանի սահմանային կենսական նշանակութիւն ունեցող զգալի տարածքներ, խաղաղութեան պայմանագրի կնքման գործընթացին կը ներկայացնէ նորանոր պահանջներ։
«Ատրպէյճանը պատանդ է պահում Արցախի քաղաքական ղեկավարներին, քաղաքացիական անձանց եւ ռազմագերիների՝ իրականացնելով նրանց նկատմամբ ցուցադրական, շինծու դատավարութիւն՝ միջազգային իրաւական նորմերի աղաղակող խախտումներով»,- նշած է Վեհափառը։