image

Նախագահ Արմէն Սարգսեան նամակ յղած է Վլատիմիր Փութինին

Նախագահ Արմէն Սարգսեան նամակ յղած է Վլատիմիր Փութինին

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ՝ Արմէն Սարգսեան, ատրպէյճանական կողմը գտնուող ռազմագերիներու եւ պատանդներու վերադարձի հարցով դիմած է Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ՝ Վլատիմիր Փութինին: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը:

Նախագահ Սարգսեանի նամակին մէջ մասնաւորապէս նշուած է, որ Հայաստանի հասարակութիւնն ու սփիւռքը խիստ անհանգստացած են ատրպէյճանական գերութեան մէջ յայտնուած զինուորներու եւ քաղաքացիական անձանց շուրջ ստեղծուած իրավիճակով:

«Ռուսաստանի նախագահի միջնորդութիւնը մեծ աջակցութիւն կը լինի Ատրպէյճանի կողմից գերեվարուած մեր զինուորականներին եւ քաղաքացիական անձանց, ինչպէս նաեւ զոհուածների մարմինները վերադարձնելու չափազանց զգայուն խնդրի լուծման գործում»: