image

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ ընդունեց այցը՝ Նենսի Փելոսիի

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.  Արամ  Ա. Վեհափառ ընդունեց այցը՝ Նենսի Փելոսիի

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Միացեալ Նահանգներ հովուապետական այցի ծիրէն ներս, այցելած է նաեւ Ամերիկայի Քոնկրեսի նախկին նախագահ Նենսի Փելոսիին եւ նախկին անդամ Աննա Էշուիին՝ քննարկելով հայ ժողովուրդին ու Միջին Արեւելքին վերաբերող հարցեր։

Եղելութեան մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ «Կիլիկիա» հարթակէն։

Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը.

Շաբաթ, 8 Նոյեմբեր 2025-ի յետմիջօրէին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսի նախկին նախագահ եւ այժմ անդամ Նենսի Փելոսի (Nancy Pelosi), իր խորհրդականին, ինչպէս նաեւ քոնկրեսի նախկին անդամ Աննա Էշուի (Anna Eshoo) ընկերակցութեամբ: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Արեւմտեան հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան, Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ Ռոստոմ Այնթապլեան եւ Սան Ֆրանսիսքոյի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Մատթէոս Սենեքերիմեան:

Աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպումը ընդգրկեց շարք մը հարցերու քննարկումը՝ Հայաստանէն մինչեւ Լիբանան, Միջին Արեւելք եւ Միացեալ Նահանգներու հայ գաղութը: Նենսի Փելոսի Ամերիկայի Դեմոկրատ կուսակցութեան բարձրագոյն ղեկավարներէն է եւ նոյն կուսակցութեան անդամներուն մօտ մեծ վարկ կը վայելէ: Ան միշտ մօտ եղած է հայ գաղութին եւ հայ ազգի իրաւունքներու պաշտպանութեան իր զօրակցութիւնը յայտնած է:

Յիշեցնենք, որ շաբաթ մը առաջ, Արեւմտեան Ամերիկեայի Հայ դատի գրասենեակին կազմակերպած ճաշկերոյթին, Վեհափառ Հայրապետը եւ Նենսի Փելոսին իրենց խօսքերը ուղղած էին: