image

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Պուրճ Համուտ այցելեց

 Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ  Ա. Կաթողիկոս  Պուրճ Համուտ  այցելեց

«Լիբանանի հայութեան վերականգնումի աշխատանքներուն շարունակութիւնը Մենք կը նկատենք հրամայական» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոս Չորեքշաբթի, 11 Օգոստոս 2021-ի առաւօտեան ժամը 10։30-ին, այցելեց Պուրճ Համուտ եւ Ազգային Առաջնորդարանին «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ հանդիպում ունեցաւ հայ երեսփոխաններուն եւ նախարարի պաշտօնակատարին, լիբանանահայ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն, ազգային երեսփոխաններուն, Ազգային Իշխանութեան անդամներուն, պետական պաշտօնեաներուն, մշակութային, մարզական միութիւններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներուն, մամուլի եւ տեղեկատուական մարզի գործիչներուն հետ, որոնց յայտնեց իր զօրակցութիւնը՝ գաղութին դիմագրաւած բազում դժուարութիւններուն դէմ յանդիման, ինչպէս նաեւ լսեց լիբանանահայութեան ներկայացուցիչներուն մտահոգութիւններն ու դժուարութիւնները։

Վեհափառը   հայրապետը իր հանդիպումներու աւարտին   մեկնած է Պուրճ Համուտի  քաղաքապետութեան  հովանաւորութեամբ կառուցուած    բնակարաններու շրջան  եւ ընդունուած  քաղաքապետ Տիար Մարտիկ Պօղոսեանի  կողմէ։ 

 Շեշտելով   Լիբանանահայութեան   բոլոր մակարդակներու   վրայ     տարած   գոյութեան  եւ գոյատեւման  պայքարը,  Արամ Ա.  Կաթողիկոս  մեծապէս գնահատած է  նորակառոյց բնակարաններու ծրագիրը  եւ կոչ ուղղած  երիտասարդութեան    մասնակից  դառնալու    գաղութի ամրացման  ու զօրացման   յոյս  յայտնելով, որ  այսօր տիրող  ծանր վիճակը   շուտով կը   վերանայ եւ Լիբանան  դարձեալ  կը  վերագտնէ   իր  անվտանգ ու բարօր  կեանքը։

 

  Լուրը՝  «Ազդակ»էն  եւ  «Արեւելք»ի  Պէյրութի  աղբիւրէն