image

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.ի շնորհաւորանքը Իրանի նախագահ՝ Մասուտ Փեզեշքեանին

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ  Ա.ի շնորհաւորանքը Իրանի նախագահ՝ Մասուտ Փեզեշքեանին

Երկուշաբթի, 8 յուլիս 2024-ին, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Մասուտ Փեզեշքեանին ուղղած իր յատուկ նամակով, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, թեմերուն եւ յատկապէս Իրանի հայութեան, ջերմօրէն շնորհաւորեց անոր ընտրութիւնը` իբրեւ նախագահ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան:

Իր նամակին մէջ վեհափառ հայրապետը անդրադառնալով հայ եւ պարսիկ ժողովուրդներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու Իրանի պատմական յարաբերութեան եւ բարի դրացնութեան, յոյս կը յայտնէ, որ պատմութենէն ժառանգուած բարեկամութիւնն ու գործակցութիւնը վերանորոգ ոգիով պիտի շարունակուին, յատկապէս ներկայ ժամանակներու մարտահրաւէրներու լոյսին տակ: Վեհափառ հայրապետը խօսելով Իրանի հայութեան մասին` կը յիշեցնէ, թէ ան անբաժան մասը կը կազմէ իրանեան ընկերութեան եւ անոր ներկայութիւնը երկրին մէջ պատմական հարուստ խորք ունի. եւ Իրանի հայութիւնը, ինչպէս անցեալին, այսօր եւս կը շարունակէ իր մասնակցութիւնը բերել երկրին առաւել զարգացման` զանազան բնագաւառներուն մէջ: Նամակին մէջ վեհափառ հայրապետը նաեւ կը յիշէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Իրանի Մշակութային կեդրոնին ու Կրօնական երկխօսութեանց բաժանմունքին հետ շարունակուող երկխօսութեան կարեւորութիւնը` ի խնդիր ներկայ ժամանակները յուզող ընկերաբարոյական հարցերու քննարկման:

Վերջապէս, վեհափառ հայրապետը ողջունելով Մասուտ Փեզեշքեանին նախագահ ընտրութիւնը` կը մաղթէ, որ անոր բոլոր ծրագիրները եւ յոյսերը իրականանան: