Օրերս Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած «Պէյրութի միջազգային մարաթոն»ին Լիբանանահայ Լեւոն Թաշճեան գրաւած է առաջին դիրքը (տարիքային դասաւորման իր աղիւսակին)։ Մարզաշխարհի մէջ իր եւ հայութեան անունը բարձր պահած Թաշճեան իր կերտած յաղթանակը նուիրած է Արցախի վերջին պատերազմի նահատակներուն։
Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Լեւոն Թաշճեան, որ առաւելաբար ճանչցուած է «Մել» ծածկանունով երկար ճամբայ կտրած է մարզաշխարհի եւ յատկապէս վազքի աշխարհին մէջ։
Ան մասնակից դարձած է հարիւրաւոր մրցումներու եւ միշտ ալ գրաւած է պատուական դիրքեր։ Ի դէպ Այնճարի գեղեցիկ մշակոյթի մեծ պատկերին իր ինքնուրոյն տեղը գրաւող Լեւոն Թաշճեան կը համարուի Այնճարի այն սերունդէն, որոնք ապրեցան Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ծանրագոյն օրերը։
Ան հակառակ բազմապիսի դժուարութիւններուն ոչ մէկ անգամ հեռացած է Այնճարէն (բացի այն օրերէն , երբ մեկնած է Արցախ ու մասնակցած Արցախի առաջին գոյամարտին) հաւատալով, որ Այնճարը շարունակութիւնն է իր հայրենի Մուսա Լերան ու այդ ոգիով ալ շարունակելով իր կեանքը կազմած է ընտանեկան օճախ եւ ցայսօր ալ կը շարունակէ իր կեանքը հայաւան՝ Այնճարի մէջ։
Չպէտք է մոռնալ, որ Լեւոն Թաշճեան պատանի հասակէն եղած է ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքի անդամ, որ մեծ նուիրուածութեամբ կը շարունակէ ծառայել անոր ու տարբեր մրցումներու կը մասնակցի կրելով աշխարհատարած միութեան վսեմական շապիկը։
Ի վերջոյ փառք ու պատիւ Լեւոն Թաշճեանի նման «Խոնարհ հերոսներ»ուն, որոնք ինչ-ինչ զոհողութիւններու գնով կը շարունակեն բարձր պահել հայութեան անունը։
Վարձքդ կատար եղբայր Լեւոն։
Թաշճեան լուսանկարուած Մարաթոնի գլխաւոր կազմակերպիչ՝ Մայ Խալիլին հետ։
Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը