image

Մոսկուան կ'աջակցի Հայաստանին տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցով. ՌԴ ԱԽ քարտուղար

Մոսկուան կ'աջակցի Հայաստանին տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցով. ՌԴ ԱԽ քարտուղար

Գրիգորեան վստահութիւն յայտնած է, որ երկու երկիրներու Անվտանգութեան խորհուրդներու գրասենեակներուն միջեւ համագործակցութեան շրջանակը ընդլայնելու համար կան բոլոր անհրաժեշտ հնարաւորութիւնները եւ նախադրեալները:

 

Յունիս 16-ին ԱԽ քարտուղար Արմէն Գրիգորեան հանդիպած է Ռուսիոյ Դաշնութեան ԱԽ քարտուղար Նիփոլայ Փաթրուշեւի հետ, որ ժամանած է Երեւան ՀԱՊԿ ԱԽ քարտուղարներու կոմիտէի հերթական նիստին մասնակցելու նպատակով:

Հանդիպման ընթացքին Գրիգորեան վստահութիւն յայտնած է, որ երկու երկիրներու Անվտանգութեան խորհուրդներու գրասենեակներուն միջեւ համագործակցութեան շրջանակը ընդլայնելու համար կան բոլոր անհրաժեշտ հնարաւորութիւնները եւ նախադրեալները:

Երկկողմ համագործակցութեան շրջանակներուն մէջ զրուցակիները քննարկած են անվտանգութեան վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ: Նիքոլա Փաթրուշեւը շեշտած է, որ Հայաստանը Ռուսիոյ ռազմավարական կարեւոր գործընկեր պետութիւն է եւ Մոսկուան կ'աջակցի Հայաստանին տարածաշրջանային անվտանգութեան ապահովման գործընթացներուն մէջ:

Արմէն Գրիգորեան իր ռուս գործընկերոջ ներկայացուցած է տարածաշրջանային անվտանգային իրավիճակը, հայ-ատրպէյճանական սահմանային իրավիճակը, սահմանազատման եւ սահմանագծման յանձնաժողովներու աշխատանքներուն ընթացքը, ինչպէս նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը: