image

Մոնթեպելլոյի Ցեղասպանութեան յուշարձանը պատմական կոթողներու ցանկին վրայ դնելու դիմում

Մոնթեպելլոյի Ցեղասպանութեան յուշարձանը պատմական կոթողներու ցանկին վրայ դնելու դիմում

Քալիֆորնիոյ Հայկական օրէնսդրական համախմբումը կը տեղեկացնէ, թէ իր անդամներէն 36ին ստորագրութիւնը կրող նամակ մը յղուած է Նահանգային պատմական հարստութիւններու յանձնաժողովին՝ խնդրելով, որ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած Մոնթեպոլլոյի յուշարձանը դրուի Քալիֆորնիոյ նահանգային կոթողներու ցանկին վրայ։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Լոս Անճելըս հրապարակուող՝ «Ասպարէզ»էն, որ, մասնաւորապէս, գրած է՝

Նամակին մէջ կը շեշտուի, որ հայկական եկեղեցիի գմբեթը յիշեցնող եւ արդիական ոճով կառուցուած յուշարձանը 1968էն ի վեր դարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերը ոգեկոչելու վայր մը՝ աւելցնելով, որ անիկա հանրային տարածքի մը վրայ կառուցուած՝ Հայոց Ցեղասպանութեան առաջին յուշարձանը կը հանդիսանայ։

Նամակը կարդալու համար այցելել կայքէջը։

Նշենք, որ Քալիֆորնիոյ Հայկական օրէնսդրական համախմբումի անդամներուն թիւը վերջերս հասած է 50ի եւ անոր նոր ղեկավար ընտրուած է Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Ճան Հայրապետեան։