Երիտասարդ բնապահպան աքթիվիսթը կարկանդակ նետած է իտալացի նկարիչ Լէոնարտօ տա Վինչիի` Լուվրի մէջ ցուցադրուող աշխարհահռչակ «Մոնա Լիզա» կտաւին վրայ: Դէպքը տեղի ունեցած է Կիրակի:
Թուիթըրով հրապարակուած տեսանիւթերուն համաձայն` երիտասարդը կարկանդակի կտոր նետած է եւ զայն քսած է զրահապատ ապակիին վրայ, որ կը պաշտպանէ աշխարհի ամենայայտնի գործերէն մէկը: Ան կրցած է հնարաւորինս մօտենալ կտաւին` ծպտուելով որպէս հաշմանդամ կին ու հնարաւորութիւն ստանալով անցնիլ կտաւին դիմաց յատուկ անցումով` նախատեսուած սայլակով տեղաշարժողներու համար:
Լուվրը տակաւին որեւէ յայտարարութիւն չէ կատարած միջադէպին վերաբերեալ: Թանգարանի աշխատակիցները մաքրած են զրահապատ ապակին, կտաւը չէ վնասուած: