image

Մօտիկ ապագային հայ-իրանական շատ ծրագրեր պիտի ըլլան. Սիւնիքի մարզպետն ընդունած է Իրանէն ժամանած 16 ընկերութիւններու ղեկավարներ

Մօտիկ ապագային հայ-իրանական շատ ծրագրեր պիտի ըլլան. Սիւնիքի մարզպետն ընդունած է Իրանէն ժամանած 16 ընկերութիւններու ղեկավարներ

8 մարտին, Սիւնիքի մարզպետ Ռոպերթ Ղուկասեան ընդունած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութենէն ժամանած՝ առեւտրատնտեսական ոլորտի մասնաւոր 16 ընկերութիւններու ղեկավարներէն ու ներկայացուցիչներէն կազմուած պատուիրակութիւնը։

Հանդիպման մասնակցած էր նաեւ Կապանի մէջ Իրանի գլխաւոր հիւպատոս Մորթեզա Ապետին Վարամին։

Ռ․ Ղուկասեան, ողջունելով ներկաներու այցը, նշած է, որ անոնց ներկայացուցած բոլոր ոլորտները շատ կարեւոր են մարզին համար․ «Վստահ եմ, որ մօտ ապագայում ՀՀ-ում ու ԻԻՀ-ում բազմաթիւ հայ-իրանական ծրագրեր կը լինեն, եւ ես՝ որպէս Սիւնիքի մարզի ղեկավար, պատրաստ եմ անել առաւելագոյնը։ Սիւնիքում արդէն իսկ խոշորագոյն ծրագրեր ունենք, որոնք իրականացւում են իրանական կազմակերպութիւնների կողմից»։

Հիւպատոս Վարամին նշած է, որ հիւպատոսարանի գործունէութեան ընթացքին տուեալ ոլորտի ասիկա  ամենամեծ պատուիրակութիւնն է, որ այցելած է տարածաշրջան։

Հանդիպման ընթացքին ԻԻՀ-էն ժամանած հիւրերէն իւրաքանչիւրը ներկայացուցած է իր ընկերութեան գործունէութեան ոլորտը, մարզի հետ հնարաւոր համագործակցութեան հետաքրքրութիւններու շրջանակը, այստեղ ներդրում ունենալու, տարածաշրջանի տնտեսութեան զարգացման մասնակցելու ցանկութիւնը։

«Ներկայացուող ոլորտներն էին շինարարութիւնը, գիւղատնտեսութիւնը (անասնաբուծութիւն, բանջարաբուծութիւն), քարի վերամշակումը, մեքենաշինութիւնը, հանքարդիւնաբերութիւնը, ճարտարապետութիւնը, սպանդանոցային ենթամթերքի վերամշակումը եւ այլն։

Իրանցի տնտեսվարողներին հետաքրքրում էին նաեւ իւրաքանչիւր ոլորտի՝ այստեղ եղած ներուժը, զարգացման ու տեղի գործարարների հետ փոխգործակցութեան հնարաւորութիւնները։

Սիւնիքի մարզպետը պատասխանեց նրանց հարցերին ու կոնկրետ (յստակ) առաջարկներ արեց, թէ ինչ ճանապարհներով կարելի է կեանքի կոչել համատեղ փոխշահաւէտ աշխատանքը՝ փոխանակելով տեղեկատուութիւն, սերտացնելով համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ հայ ու իրանցի տնտեսվարողների միջեւ ուղղակի կապեր ստեղծելով»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։