Մենք մօտ ենք Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան հասնելուն։ Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի 2025 թուականի պիւտճէի քննարկման շրջածիրէն ներս ունեցած ելոյթի ժամանակ։
Ան նշած է, որ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան յոյսի շող կայ. «Խաղաղութեան ապահովումը պիտի նպաստէ տարածաշրջանի զարգացման եւ նոր հնարաւորութիւններ պիտի ստեղծէ։
Թուրքիան կ՚աջակցի բոլոր ջանքերուն այս գործընթացին մէջ։ Մեր երկիրը կ՚աջակցի կողմերու միջեւ բանակցութիւններուն, որոնք կ՚ընթանան երկկողմ հիմունքներով՝ առանց միջնորդներու»։