image

Դպրոցական քաղցր ու կիսադառն յուշեր



Դպրոցական քաղցր ու կիսադառն յուշեր



Անցեալին ճակատիդ ոսկեգոյն աստղ մը կը փակցնէին եւ դուն, որպէս աշխատասէր կամ բարի վարքով աշակերտ, ինքզինքդ երջանիկ ու հպարտ կը զգայիր: Պզտիկ աստղ մըն էր, որուն հարիւր հատը հազիւ հինգ դահեկան կ՚արժէր, բայց պատճառած հաճոյքն ու գոհունակութիւնը անսահման էր:


Դպրոցէն ստացած որեւէ բան մեզի համար շատ քաղցր ու թանկարժէք էր: Անհամբեր կը սպասէինք կաղանդին մեզի հասնելիք պճլիկ տոպրակին, որուն պարունակութիւնը այսօրուան չափանիշներով՝ հրապուրիչ ոչինչ ունէր, բայց օրին սիրտդ խինդով կը պարուրէր։ Ինչպէ՞ս կարելի է չյիշել Զատիկին ստացած գունաւոր հաւկիթը. ի՜նչ փոյթ, եթէ անոր ներկը կը գունաւորէր ափդ, մատներդ եւ երբեմն ալ բերանդ։

Դպրոցական տարեշրջանի սկիզբին հայթայթուած մարզանքի տարազները որքա՜ն պարզ էին բաղդատած այսօրուան սուղ վաճառանիշներով արտադրուած տարազներուն։ Մերը՝ լազուարդ, չիթէ կարճ տափատ ( short)  մըն էր եւ ներքնազգեստէն  չտարբերող վերնաշապիկ (T shirt) մը։ Սակայն ամէնէն ցաւալին՝ մարզանքի կօշիկներն (espadrille) էին, որոնց յատակը բաս- բարակ րեզինի շերտ մըն էր, իսկ վրան, նոյնպէս բարակ լաթէ երես մը։ Մարզանքի օրերուն տունէն չմեկնած պէտք էր հագած ըլլայինք մարզանքի կօշիկները։ Ա՜խ, ձմրան ցուրտ օրերուն լացս հազիւ կը զսպէի, երբ ոտքերուս ներբանները  ցաւելու չափ կը սառէին եւ ստիպուած էի այդ կօշիկներով մնալ ու տառապիլ մինչեւ դպրոցէն արձակուելու պահը՝ երեկոյեան ժամը չորսը: Այսօր հիացմունքով կը դիտեմ մարզանքի կօշիկները, որոնց յատակը քանի մը հաստ շերտերով ապահովուած են, ուրկէ ո՛չ ցուրտը կը թափանցէ, ո՛չ ալ  ասֆալթին սաստիկ տաքը:

Ո՞վ կը յիշէ թղթեայ կողքերը, որոնք կը կրէին մեր յաճախած դպրոցին անունն ու շքանշանը (logo): Պարտադիր էր դպրոցին հայթայթած կողքերով պատել մեր գիրքերը եւ վրան գրել մեր անունն ու ուսումնական տարին: Կողքերը գիրքին մաքուր մնալը կ՚ապահովէին եւ աշակերտին կոկիկութեան մասին շատ բան կ՚ըսէին: Հոկտեմբերի կիսուն՝ առաջին անձրեւին հետ կը համընկնէր մեր նոր գիրքերը կողքելու աշխատանքը: Այնքան հաճելի էր առաջին անձրեւին հետ տարածուող հողին բոյրը, որ կը խառնուէր նոր գիրքերուն հրապուրիչ բոյրին հետ:


Անցեալին, աշակերտներուս չէր վիճակուեր ամէն կրթական տարեշրջանի հետ նոր պայուսակ եւ նոր գրչատուփ մը ունենալը: Մեր դպրոցական պայուսակները ընդանհրապէս կաշիէ շինուած էին եւ քանի մը տարի գործածուելու համար նախատեսուած։ Ա՜խ, ինչպէ՞ս բացատրեմ մեր պայուսակներուն անտանելի ծանրութիւնը: Պայուսակներ, որոնք կռնակդ, ուսերդ եւ փոխն ի փոխ ափերդ կը «կոտրտէին», միաժամանակ իսկական պատկերը կը հաղորդէին Լիբանանի մէջ մեր կրթական ծրագիրի ծանրաբեռնուածութեան: Առնուազն երեք լեզու կը սորվէինք եւ նոյն լեզուներով՝ գիտական, գրական, պատմական, կրօնական ու այլազան նիւթեր կը սերտէինք։ Աշակերտներս կրթական ծրագիրէն անդին պարտաւոր էինք տօնական եւ ամառնային  արձակուրդներուն այլազան լեզուներով գիրքեր կարդալ ու անոնց բովանդութիւնը քանի մը էջի մէջ ամփոփել:



Հոս կ՚ուզեմ դէպք մը պատմել, որ ամբողջ ամառուան արձակուրդս տառապանքի վերածեց: Կերթմենեան վարժարանին նախակրթարանի բաժինը աւարտեցի եւ ծնողքիս որոշումով արձանագրուեցայ Էշրէֆիէի Կեդրոնական Բարձրագոյն վարժարանը: Արձանագրութեան օրը ինծի ցանկ մը տուին, որ կ՚ընդգրկէր հայերէն, անգլերէն եւ արաբերէն գիրքերու անուններ: Պարտադիր էր գիրքերը կարդալ ու ամփոփել եւ դպրոցին առաջին օրը տուեալ  նիւթը դասաւանդող ուսուցիչին յանձնել: Երկրորդ պայմանը՝ գիրքին բովանդակութիւնը պիտի ծառայէր, որպէս  առաջին գրաւորի նիւթ-հարցարան: Քանի որ ես գիրք կարդալ շատ կը սիրէի, անմիջապէս նշանակուած գիրքերը գնեցի եւ լծուեցայ լուրջ աշխատանքի: Նոր դպրոց, նոր տարեշրջան, նոր ընկերներ. բնականաբար պիտի ուզէի լաւ տպաւորութիւն ստեղծել:


Հայերէն ու անգլերէն գիրքերը կարդալն ու ամփոփելը շատ արագ ու հեզասահ ընթացան, նոյնպէս արաբերէն երկու գիրք, սակայն նշանակուած երրորդ  գիրքը, որուն անունը ինքնին շատ խորհրդաւոր էր , իսկ բովանդակութիւնը ահռելի դժուար, զիս յուսահատութեան մատնեց: Գիրքին անունն էր «العبرات» , բառարանային բացատրութեամբ՝ «Արցունքները յորդելէն առաջ», իսկ հեղինակին անունը՝ «مصطفى لطفي المنفلوطي» Մուսթաֆա Լութֆի Ալմանֆալութի:
Մինչեւ օրս լացս կու գայ, երբ այդ գիրքը կարդալու, հասկնալու ու ամփոփելու տառապանքս կը յիշեմ։ Ամբողջ ամառը, ստորակայութեան բարդոյթով տառապեցայ, կարծելով, որ ես արաբերէնի մէջ տկար աշակերտ եմ  եւ նոր դպրոցին մէջ խափ- խայտառակ  պիտի ըլլամ: Գիշերներ քունս կորսնցուցի, ցերեկները հոս- հոն գացի, ասկէ-անկէ օգնութիւն խնդրեցի, բառերուն իմաստը բառարանէն գտնել փորձեցի: Հոս կ՚արժէ յիշել, որ արաբերէն լեզուի բառարանը գործածելն ալ գիտելիք (մերիֆէթ) կ՚ուզէ, պէտք է բայարմատը գտնես եւ ըստ այնմ  փնտռած բառիդ իմաստին հասնիս: Բարեբախտաբար թաղին մէջ համալսարան յաճախող արաբ դրացիներ ունէինք, որոնց օգնութեամբ եւ իմ աննկուն ջանքերով՝ չըսելու համար «արիւն քրտինքով», գիրքը ամփոփուեցաւ։


Առաջին օրը դպրոց գացի եւ արաբերէն դասաւանդող ուսուցիչին՝ Պարոն Ժիրայր Չարշաֆճեանին, երկարեցի «անիծեալ Մուսթաֆային» արցունքոտ գիրքին ամփոփումը։

Ուսուցիչը իր սեւ շրջանակով ակնոցներուն մէջէն, նախ թուղթին նայեցաւ, ապա պիշ- պիշ աչքերով «չափեց հասակս», յետոյ կրկին ապշած աչքերով թուղթը դիտեց եւ վերջապէս կզակը դուրս ցցած ու զննողական հայեացքով կեդրոնացաւ ճակնդեղի պէս կարմրած դէմքիս վրայ ու ըսաւ. «Աս ի՞նչ է»: Ինքզինքս հաւաքեցի ու ամենայն ինքնավստահութեամբ գիրքին ու հեղինակին անունը տուի:

-Այս գիրքը անկարելի է, որ ձեր դասարանին համար նշանակուած ըլլայ, ասի աւարտական Պաքալորիայի դասարանին համար նախտեսուած էր:

-Ո՛չ պարոն, այս գիրքը մեր միջնակարգ Ա- ի (վեցերորդ դասարանին) ցանկին վրայ էր։

-Տպագրական սխալ պիտի ըլլայ ըսաւ ու թուղթը ձեռքս տուաւ: Սիրտիս տրոփիւնները կարծես մուրճի հարուածներ ըլլային,որոնք որոշած էին կրծքավանդակիս ողները կոտրտել: Չեմ կրնար բացատրել հոգեվիճակս՝ ապրած յուսախաբութիւնս եւ ափսոսանքս: Աչքիս առջեւէն երիզի նման անցան՝ զոհաբերած ամառս, անհամար ջանքերս, անքուն գիշերներս, ստորակայութեան ու տկար աշակերտի բարդոյթով տառապիլս...: Բարեբախտաբար գետին չինկայ: Ինքզինքս հաւաքեցի եւ սուսիկ- բուսիկ գացի ու ինծի համար նշանակուած նստարանին վրայ «փլեցայ»:

Հիմա, որ կը յիշեմ ու կը պատմեմ այս դէպքը, ամբողջովին այլ ձեւով կ՚արժեւորեմ զայն: Կ՚անդրադառնամ, որ այդ ամռան «աշխատանքս» ապարդիւն չեղաւ...: Յառաջիկային ես երբեք արաբերէն սորվելու ու լեզուին տիրապետելու  դժուարութիւն չունեցայ: Կրնամ նոյնիսկ հաստատել, որ արաբերէն գրականութիւնը շա՜տ սիրեցի, մասնաւորաբար արաբերէն բանաստեղծութիւնները, որոնք կը «շոյեն» քնարական ջիղս եւ կը յատկանշուին իրենց կարուցուածքով՝ յանգ ու վանկի յատուկ կշռոյթով ու երաժշտականութեամբ:


Իմ «ցաւալի» փորձառութենէս մեկնելով՝ կը մաղթեմ, որ ձեր բոլորին ժխտական կարծած փորձառութիւնները՝ տեղ մը դրականութեամբ թարգմանուին ու  բարիով արդիւնաւորուին:


 Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Ծնած եմ Պէյրութ ընթերցասէր ընտանիքի մը մէջ: Գ...