image

Գերշ. Տ. Թորգոմ արք. Տօնոյեան «Զօրակից ենք Հայաստանեայց Եկեղեցասիրաց Եղբայրակցութեան».

 Գերշ. Տ. Թորգոմ  արք. Տօնոյեան «Զօրակից ենք  Հայաստանեայց Եկեղեցասիրաց Եղբայրակցութեան».

Օրերս, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունած է Հայց. Առաքելական Եկեղեցասիրաց եղբայրակցութեան ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ՝ ատենապետ Աւօ Կաբակչուզեանի: Անոնք եկած էին առաջնորդ սրբազանին հայրական օրհնութիւնները ստանալու Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներու նախօրեակին:

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդարանի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած էր՝

Ուրբաթ, 8 Դեկտեմբերի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայց. Առաքելական Եկեղեցասիրաց եղբայրակցութեան ներկայացուցիչներուն, գլխաւորութեամբ՝ ատենապետ Աւօ Կաբակչուզեանի: Անոնք եկած էին առաջնորդ սրբազանին հայրական օրհնութիւնները ստանալու Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներու նախօրեակին:

Հոգեւոր եղբայրներու միջեւ ծաւալած ջերմ եւ մտերմիկ զրոյցին ընթացքին, Թորգոմ եպիսկոպոսը ընդգծեց Եկեղեցասիրաց եղբայրակցութեան բերած հոգեւոր, ընկերային եւ մարդասիրական նպաստին կարեւորութիւնը հայ գաղութի կեանքին մէջ եւ իր խօսքը աւարտեց՝ ըսելով. «Որպէս առաջնորդ՝ մենք միշտ կը զօրակցինք Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցասիրաց եղբայրակցութեան ծրագիրներուն»:

Աւօ Կաբակչուզեան, իր կարգին, երախտագիտական խօսքերով դիմեց առաջնորդ սրբազանին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցաբերուած ուշադրութեան համար, ապա, առաջնորդին առաջարկին ընդառաջ, ան ներկայացուց Եղբայրակցութեան յառաջիկայ ծրագիրները, որոնց առիթով Թորգոմ եպիսկոպոսը կատարեց անհրաժեշտ ցուցմունքները եւ խրախուսեց ներկաները իրենց եկեղեցանուէր գործունէութիւնը անխափան շարունակելու:

Հուսկ, այցելուները սրբազանին յանձնեցին իրենց սրտի նուէրը՝ վասն Ազգային առաջնորդարանի գործոց յաջողութեան, եւ բարձր տրամադրութեամբ մեկնեցան Արեւմտեան թեմի հոգեւոր կեդրոնէն: