image

Միրզոյեան ամերիկացի պաշտօնատարին հետ շրջանի իրադրութիւնը քննարկած է

Միրզոյեան ամերիկացի պաշտօնատարին հետ շրջանի իրադրութիւնը քննարկած է

13 Մայիսին ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի եւրոպական եւ եւրասիական հարցերով տեղակալի պաշտօնակատար Տերեք Հոկանի հետ:

Զրուցակիցները քննարկած են տարածաշրջանային կայունութեան եւ անվտանգութեան հարցեր:

Նախարար Միրզոյեան ներկայացուցած է վերջին օրերու ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ ատրպէյճանական զինուած ուժերու սադրիչ եւ յարձակողական գործողութիւններու հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը՝ ընդգծելով, որ անոնք նպատակ կը հետապնդեն խաթարել խաղաղ բանակցութիւնները շարունակելու ուղղուած ջանքերը:

Մտքեր փոխանակուած են Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման,  Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հասցէագրման անհրաժեշտութեան շուրջ։