image
Հրատապ լուրեր:

Միքայէլ Սրբազանի փաստաբանները դիմած են Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան

Միքայէլ Սրբազանի փաստաբանները դիմած են Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան

Միքայէլ Սրբազանը փաստաբաններու միջոցով գանգատ ներկայացուցած է Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին՝ Մարդկային իրաւանց եւրոպական համաձայնագրով երաշխաւորուած իր իրաւունքներու խախտման փաստերով: Այս մասին յայտնած է Միքայէլ Սրբազանի պաշտպաններու խումբը:

Գանգատին մէջ նշուած է Միքայէլ Սրբազանի անօրինական կալանաւորման (յօդուած 5), արտայայտուելու ազատութեան խախտման (յօդուած 10), ինչպէս նաեւ ազատութենէն զրկելու եւ քրէական հետապնդումը քաղաքական նպատակներով իրականացնելու (յօդուած 18) վերաբերեալ փաստեր եւ փաստարկներ:

Վերաքննիչ քրէական դատարանին մէջ (դատաւորներ՝ Է.Մանասեան, Ն. Յովակիմեան եւ Վ.Մարգարեան, ք.Երեւան, Գ. Նժդեհ 23 շէնք) դատական նիստը պիտի շարունակուի 06.02.2026-ին ժամը 15:00-ին: Պիտի րապարակուի խափանման միջոցի փոփոխման միջնորդութեան քննարկման հետ կապուած վերաքննիչ դատարանի որոշումը:

Դատական նիստը դռնբաց է: