image

Մինչեւ այս պահը «Օմիքրոն»էն մարդ չէ մահացած

Մինչեւ այս պահը «Օմիքրոն»էն մարդ չէ մահացած

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը դեռ տեղեկութիւն չունի «Քորոնա»ի «Օմիքրոն» տարբերակին հետեւանքով արձանագրուած մահուան դէպքերուն մասին: Այս մասին յայտնած է ԱՀԿ պաշտօնական ներկայացուցիչ Քրիսթիան Լինտմայըրը:

«Ես դեռ չեմ տեսած արձանագրութիւններ մահուան դէպքերու մասին, որոնք կապուած ըլլան «Օմիքրոն» տարբերակին հետ: Բայց մենք վկայութիւններ կը հաւաքենք եւ կը հետեւինք վարակի տարածման: Այնպէս որ աւելի շատ տեղեկութիւն պիտի ըլլայ, բայց յոյսով եմ՝ ոչ մահեր», ըսած է ԱՀԿ ներկայացուցիչը: