image

Միջադէպ ատրպէյճանեան դիրքին մէջ (Տեսանիւթ)

 Միջադէպ ատրպէյճանեան դիրքին մէջ (Տեսանիւթ)

Համացանցին վրայ յայտնուած է տեսանիւթ, ուր անզէն աչքով կ՚երեւի, թէ ինչպէս ատրպէյճանցի զինուորը ծեծի կ՚ենթադրկէ իր ծառայակիցը։

Ըստ որոշ աղբիւրներու դէպքը եղած է Քարվաճառի դիրքերուն մէջ։

Նշենք, որ յուլիսին լրահոսին մէջ տարածուեցան լուրեր, ըստ որոնց տեղի ունեցած է հրաձգութիւն ճիշդ այդ շրջաններուն մէջ։

Ատրպէյճան մեղադրած էր հայկական կողմը իրենց դիրքերուն ուղղութեամբ կրակ բանալու առընթեր, փորձելով ծածկել այն եղելութիւնը, որ պարզ կը դառնայ տարածուած տեսանիւթին միջոցաւ։