Հարաւային Կովկասի մէջ բոլոր տնտեսական եւ ճանապարհային կապերու ապաշրջափակումը Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման աշխատանքներուն մէջ կարեւորագոյն ուղղութիւններէն է, յայտարարած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Անտրէյ Ռուտենքօն:
«Ըստ էութեան, խօսքը երկու երկիրներու համար խաղաղ գոյակցութենէն գործնական օգուտներ քաղելու հնարաւորութեան մասին է։ Ռուսաստանը այս գործընթացի անմիջական մասնակիցն է», ըսած է ան:
Անոր խօսքով` փոխվարչապետներու եռակողմ աշխատանքային խումբի շրջանակներուն մէջ կարեւոր նախապատրաստական աշխատանք կատարուած է տարածաշրջանին մէջ ինչպէս երկաթուղային, այնպէս ալ ինքնաշարժային հաղորդակցութեան վերականգնման ուղղութեամբ։
«Ներկայիս միասնական «փաթեթ կը յղկուի». այս մօտեցումը պիտի ապահովէ կայացուած որոշումներու կայունութիւնը», նկատած է Անտրէյ Ռուտենքօն։
Ընթացիկ համատեղ աշխատանքի համար, ինչպէս ընդգծած է ՌԴ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալը, անհրաժեշտ ազդակ տուած են Նոյեմբեր 26-ին Սոչիի մէջ Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու համապատասխան պայմանաւորուածութիւնները։
«Մենք կը կեդրոնանանք համատեղ ենթակառուցուածքային նախաձեռնութիւններու մշակման եւ նախագծերու մեկնարկի շուտափոյթ աւարտին վրայ», յաւելած է ան։