Մէջբերուած խօսք
Ամէն խօսող կամ գրող իր խօսքի ընթացքին յաճախ կը մէջբերէ ուրիշին խօսքը եւս: Այդ նո՛յն խօսքը կրնայ մէջբերուիլ ուղղակի ձեւով կամ անուղղակի ձևով:
Օրինակ՝
***«Ես քեզի կ’օգնեմ»,- ըսաւ ընկերս:
***Ընկերս ըսաւ. «Ես քեզի կ’օգնեմ»:
---Ընկերս ըսաւ, որ ինքը ինծի կ’օգնէ։
Ուշադրութիւն.
ա)Առաջին երկուքին մէջ խօսքը մէջբերուած է ուղղակի, ճիշդ ինչպէս զայն արտասանած է ընկերս. ան կը կոչուի «ուղղակի մէջբերում»: Իսկ երրորդին մէջ անոնք մէջբերուած են անուղղակի կամ պատմողաբար. այս կը կոչուի «անուղղակի մէջբերում»:
բ)Միւս կողմէ՝ երբ հեղինակային խօսքը յետադաս է, կը կիրարկենք բայ/ենթակայ շարադասութիւնը՝ «ըսաւ ընկերս»: Իսկ երբ հեղինակային խօսքը նախադաս է, կը կիրարկենք ենթակայ/բայ շարադասութիւնը՝ «ընկերս ըսաւ»:
Ամէն ուղղակի խօսք կարելի է վերածել անուղղակի խօսքի:
Ստորեւ տեսնենք ուսանելի նմուշներ.
***Ընկերս հարցուց. «Ինչպէ՞ս կրնամ օգնել քեզի»:
---Ընկերս հարցուց, թէ ինչպէ՞ս կրնայ օգնել ինծի:
Նկատել, որ հարցական նախադասութեան առթիւ կիրարկեցինք «թէ» շաղկապը որ-ի փոխարէն:
***-Ինչպէ՞ս կրնաս օգնել ինծի, տղա՛ս,-հարցուց մայրը:
***-Տղա՛ս,-հարցուց մայրը,- ինչպէ՞ս կրնաս օգնել ինծի:
---Մայրը տղուն հարցուց, թէ ինչպէ՞ս կրնայ օգնել իրեն:
***Մրցոյթին մասնակիցը մտածեց. «Ամէն ճիգ պէտք է թափենք, որ յաջողինք»:
---Մրցոյթի մասնակիցը մտածեց, որ ամէն ճիգ պէտք է թափեն, որ յաջողին:
***«Մենք,- ըսաւ ան ընկերոջը, -ամէն կարգադրութիւն կատարած ենք»:
---Ան ընկերոջը ըսաւ, թէ ամէն կարգադրութիւն կատարած են իրենք:
---Ան ընկերոջը ըասւ, թէ իրենք ամէն կարգադրութիւն կատարած են:
***«Պաշտօնեաներուս քանի մը օր հարկաւոր է,- գրած էր տնօրէնը,-որպէսզի կատարեն ծանօթ յանձնառութիւնը»:
---Տնօրէնը գրած էր, թէ քանի մը օր հարկաւոր էր, որպէսզի իր պաշտօնեաները կատարեն ծանօթ յանձնառութիւնը:
* * *
Յիշենք ուղղակի մէջբերումի երեք տարբեր կաղապարներու կէտադրութիւնը:
***Մամաս ըսաւ. «Գիրքդ դպրոցը չմոռնաս»:
Սխալ է այս պարագային գծիկ աւեցնել կէտին քով:
***«Գիրքդ դպրոցը չմոռնաս»,- ըսաւ մամաս:
Նկատենք, որ սորակէտը բաւարար չէ, ինչպէս կ’ընեն մեր գրողներէն շատեր, անոր կից պէտք է գիծ աւելցնել:
***Մամաս ըսաւ.
-Գիրքդ դպրոցը չմոռնաս:
Այս պարագային հեղինակային խօսքը կը վերջանայ ասացական բայով մը՝ ըսաւ, պատմեց, յայտնեց, բացատրեց, որոշեց եւ այլն, որուն կը յաջորդէ միջակէտ մը. այս միջակէտին քով գծիկ չի դներ հայերէնը. նման գծիկը մերժելի օտարաբանութիւն է:
Իսկ ուրիշի խօսքը կը սկսի նոր տողէն անջատման՝ երկար գիծով, որ այս
պարագային կը կոչուի նաեւ «խօսակցական գիծ»:
Հարցում ի խորոց սրտի
Հասարակ մահկանացու մը քանի՞ բառ կրնայ հնարել միջակ, ըսենք՝ 2A4 ծաւալի յօդուածի մը մէջ: Տակաւին հարց է, թէ կրնա՞յ բառ հնարել:
Պարոյր Աղպաշեան այդ պայմաններուն մէջ կրնայ հնարել,- ըսել կ’ուզեմ՝ արարել,- 10 բառ (տե՛ս «Արարատ», 20/5/2025), եւ անցնող 50 տարիներուն ան ոչ մէկ ատեն կանգ առած է հնարելէ այդպիսիները` իր բանաւոր թէ գրաւոր, ինչպէս նաեւ աշխարհիկ թէ ակադեմական խօսքին մէջ:
Հրամեր էք՝
--յատկանշութիւններով
--բազմաշնորհութիւններով
--ժողովրդահաւաքականութիւն
--թառաչք
--ասպետագոյն
--ելիցին
--բախտորոշութիւնները
--հաւասատիքութիւնը
--ոճրասփիւռ
--վիշապանակողմերուն
Ասոնք հնարուած կը նկատեմ այն հիմամբ, որ ոչ մէկ հայանուն բառարան տեղ տուած է անոնց: Այսուհանդերձ երկու բառ ըսենք հետեւեալ երկուքին մասին.
--թառաչք
«Նոր հայկազեան»-ը կը վկայէ, որ հայերէն թառանչ՝ հառաչանք, հեծեծանք բառերը ունեցած են թառաչք աղաւաղեալ ու մերժելի տարբերակ մը: Որ աշխարհաբարեան ոչ մէկ բառարանէ ընդունուած է:
--ելիցին
Քիչ մը նեղացուցիչ բառ է այս մէկը, չըսելու համար՝ անըմբռնելի:
Այսուհանդերձ փորձենք բացատրութիւն մը տալ մեր համեստ ուժերով:
Հին կտակարանի երկրորդ գիրքը կը կոչուի «Ելից», որ գրաբարեան ելք յոգնակի գոյականի սեռականն է: Ան կարգ մը հրատարակութիւններու մէջ կը կոչուի պարզապէս «Ելք»: Արդ, եթէ այս ելից-ն է Աղպաշեանի կիրարկածը, ապա ըսեմ, որ գրաբարեան սեռականը աշխարհաբարի մէջ ալ երկրորդ անգամ մը սեռականի վերածելով կը ստացուի, ոչ աւելի, ոչ պակաս, մաքուր առեղծուա-ծաբանութիւն մը:
Թող որ ամբողջ յօդուածը ինքնին մթին հանելուկ մըն է:
Եւ միջին ընթերցողը հազիւ թէ ըմբռնէ հետեւեալին իմաստը.
--«[Հայուն] հաւատքի ճամբան, համոզումի ուղին, գաղափարի ընտրանքը, միշտ ալ փրկած է զինք, միշտ՝ օժանդակած իր ելիցին»:
Իսկ ընտրանքը-ին կից ստորակէտը եւ միշտ-ին վրայի բութը իրենց սխալ ու անտեղի կիրարկութեամբ՝ աւելի կը մթագնեն այս խորհրդաւոր բնագիրը:
Չհաշուած տակաւին փրկած է, որ պէտք է ըլլայ փրկած են՝ յոգնակի, քանի փրկողները երեք են՝ ճամբան, ուղին, ընտրանքը:
Մրցոյթ 33.
***Հետեւեալին ո՞ր բառերը կը ջնջես.
---Քաղաքական շրջանակներ համոզուած են այն բանի մասին, որ Պաքուն այլեւս պէտք չունի Մոսկուային:
***Սրբագրէ՛ հետեւեալ սխալ կառոյցը.
---Արեւմտահայերէնը իրաւունք ունի գոյատեւելու՝ փոխանցուեելով զայն ներկայ եւ յաջորդ սերունդներուն:
***Փոխարինէ՛ բառ մը եւ ջնջէ՛ ուրիշ մը:
---Իսրայէլեան բանակը պիտի շարունակէ որեւէ ամէն սպառնալիք ոչնչացնելու իր աշխատանքը:
***Ինչպէ՞ս կը դարմանես հետեւեալին անհամասեռութիւնը.
---Հաստատեցինք լիբանանեան հողերէն Իսրայէլի ամբողջական հեռացման եւ գերիներու ազատ արձակման անհրաժեշտութիւնը:
***Մէկ բառով ըսէ ընդգծուած հատուածը.
---Աշխատանք պիտի տեսնենք Պիտի աշխատինք զինադադարի ընթացքին պատերազմին վերջ տալու:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Գէորգ Եազըճեան (10), Համբարձում Յարթունեան (8,5), Ցոլակ Ապտալեան (7), Գեղամ Խաչատրեան (6), Պերճ Տէր Սահակեան (6), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (8), Լիզա Յովհաննէսեան (6), Եփրեմ Թոքճեան (8), Միրնա Սիւլիւքճեան (6):
Մրցոյթ 34.
***Կրնա՞ս բառային հետեւեալ լղրճուկը բանական խօսքի վերածել.
---Այն զէնքերը, որ կ’ուզենք, որ Հզպալլան անոոոնցմէ հրաժարի, Իսրայէլի սպառնացողներն են («Ազդակ», 16/7/2025, էջ 2):
***Սրբագրէ՛ հետեւեալին քերականական սխալն ու կրկնաբանութիւնը.
---Լիբանանը կրնայ վերստին դառնալ շրջանային կամ միջազգային տագնապի բեմի եւ ծայրայեղականութեան ծրագիրներու բեմի (անդ):
***Մէ՛կ բառով ըսէ ընդգծուած հատուածը:
---Իսրայէլ յանձնառու է Սուրիոյ մէջ տիւրզիներուն վնաս հասցուիլը արգիլելու («Ազդակ», 16/7/2025, էջ 8):
***Բառ մը սխալ տեղադրուած է. վերադարձուր զայն իր տեղը:
---Նոյնիսկ Սուէյտայի մէջ զինադադարէն ետք իսրայէլեան ռմբակոծումները շարունակուեցան («Ասպարէզ», 16/7/2025):
***Վերաշարադասել հետեւեալը՝ առանց որեւէ բառ փոխելու.
---Արդար իշխանութիւնը կը փորձէ ի մի բերել հակառակ կողմերը՝ իրենց մտահոգութիւնները լսելով եւ խաղաղ երկխօսութեան դուռ բանալով («Արարատ», 19/7/2025):
Արմենակ Եղիայեան