image

Դատարանը թոյլատրեց Միքայէլ Սրբազանին ներկայ գտնուիլ պատարագներուն.Տնային կալանքը պիտի շարունակուի

Դատարանը թոյլատրեց Միքայէլ Սրբազանին ներկայ գտնուիլ պատարագներուն.Տնային կալանքը պիտի  շարունակուի

Առաջին ատեանի դատարանի կողմէ մեղաւոր ճանչցուած Շիրակի թեմի առաջնորդի փաստաբաններն այսօր վերաքննիչ դատարանէն խնդրած են վերացնել Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանի խափանման միջոցը, այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն»ը:

Փաստաբան Երեմ Սարգսեանը դատարանին ներկայացուցած է Շիրակի հաւատացեալներու դիմում խնդրանքը Սրբազանը ազատ արձակելու եւ, հետեւաբար, պատարագներուն մասնակցելու վերաբերեալ։

Փաստաբաններու խօսքով, լրացած է պատիժի կրման մէկ երրորդը, իսկ սա նոր հանգամանք է վերացնելու տնային կալանքը։ Միւս կողմէ ալ, անազատութեան մէջ արքեպիսկոպոսը դրսեւորած է պատշաճ վարքագիծ, սա եւս անոր ազատ արձակման հիմք էր, ըսած է փաստաբան Մարինէ Ֆարմանեանը։ Դատախազը սակայն, խափանման միջոցը փոխելու որեւէ հիմք չէ գտած։

Դատարանը մերժած է պաշտպաններու միջնորդութիւնը, բայց թոյլատրած է Սրբազանին ներկայ գտնուիլ պատարագներուն։

Միքայէլ Սրբազան 8-ամսեայ կալանքէն ետք մէկ ամիսէն աւելի է տնային կալանքի տակ է։

Իշխանութիւնը զաւթելու կոչի համար մեղադրուող բարձրաստիճան հոգեւորականը չընդունիր մեղքը, հետապնդումը կը համարէ քաղաքական։