ՆԱԹՕ-ն եւս մէկ «Patriot» հակահրթիռային պաշտպանական համակարգ կը տեղակայէ Թուրքիոյ հարաւային Ատանա նահանգին մէջ, ուր կը գտնուին ԱՄՆ-ի եւ այլ երկիրներու անձնակազմեր։ Այս մասին չորեքշաբթի օր յայտնած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը։
Թուրքիան, որ ունի ՆԱԹՕ-ի երկրորդ ամենամեծ բանակը եւ սահմանակից է Իրանին, անցեալ շաբաթ յայտարարած էր, որ դաշինքը «Patriot» համակարգ տեղակայած է իր հարաւարեւելեան Մալաթիա նահանգին մէջ՝ ՆԱԹՕ-ի ռատարային կայանի մօտ, որպէս իրանական պատերազմէն հրթիռային սպառնալիքներու դէմ օդային պաշտպանութեան զօրացման քայլերու մաս։
Ատանայի մէջ կը գտնուի Թուրքիոյ Ինճիրլիք օդակայանը, ուր թրքական զօրքերու հետ միասին տեղակայուած են անձնակազմեր ԱՄՆ-էն, Քաթարէն, Սպանիայէն եւ Լեհաստանէն։
«Մեր օդային տարածքի եւ քաղաքացիներու անվտանգութիւնը ապահովելու համար ձեռնարկուած ազգային միջոցառումներուն զուգահեռ, Գերմանիոյ Ռամշթայնի մէջ գտնուող Դաշնակից օդային հրամանատարութեան կողմէ եւս մէկ «Patriot» համակարգ կը տեղակայուի Ատանայի մէջ՝ լրացնելու համար հոն արդէն իսկ գտնուող սպանական «Patriot» համակարգը»,– յայտնած է նախարարութիւնը շաբաթական ճեպազրոյցի ժամանակ։