Այս գիշեր է որ հասկցայ,
թէ դարձեր եմ՝ գերի կեանքիս,
Օրերն այսպէս կ'անհետանան,
դեռ կը սպասեմ սէգ անուրջիս,
Միթէ փնտռած ժամըս կու գա՞յ,
պիտի հասնի՞մ իմ բաղձանքիս,
Թէ ոչ այսպէս խե՜ղճ ու խելառ,
պիտ հալածեմ անհուպ կեանքիս։
Արդեօք որո՞ւ ես թախանձեմ,
որ իմ վէրքըս բալասանէ,
Կեանքս ու միտքըս նուաղեր են,
սրտիս յոյսէն հեռացեր են,
Միթէ ե՞ս եմ տրտմած այսպէս,
թէ ոչ վհատ իմ նմաններ
Կը տրտնջեն ապշա՜ծ, ինձ պէս,
եւ կը սպասեն կեանքէն նուէր։
Չէ՞ որ կեանքը մեր նուէր է,
տիրոջ շունչով մեծացեր է,
Իսկ անոր մէջ ինչ որ ցանենք,
այդ ալ տիրոջ՝ մեր նուէրն է,
Բայց ի՞նչն է որ մեզ կը սպասէ,
տէ՞րը հզօր իր դրախտէն,
Կամ թէ մի՛տքը մեր պատմասէր,
որ ազատի չարչարանքէն։
Վստահ գիտեմ, ժամը կու գայ,
որ իմ սիրտը զուարճանայ,
Յանկարծ կ'ըսեմ.- Միտք իմ շուար,
կեանքի գաղտուկ տեղն իմացայ։
Ինչ որ ըսեմ հարց կը մնայ,
ինչ որ գրեմ՝ հոս կը մնայ...
Կեանքը այսպէս կու գայ, կ'երթա՜յ,
ժամը՝ Սէ՛րն է, նոր հասկցայ։
ԿԱՅԼԱԿ
(Փետր. 21. 2012)
Կայլակ
«Սէր ու Կրակ» գիրքէն