image

Միասնաբար փրկենք հայերէնը (28)

Միասնաբար փրկենք հայերէնը (28)

 

«Ազդակ»-ի  ջըրմիկ մտերմութեան մէջ

Գիտեմ, մեր թերթերու տնօրէնները պիտի արդարօրէն տրտրնջան, թէ՝

-Ի՞նչ է, «Ազդակ»-ը վերի արտի ցորե՞նն է, որ միայն իրմով կը զբաղիս, մենք սոխի գլո՞ւխ ենք, ինչո՞վ պակաս ենք, որ երեսնիս նայած չունիս... 

Իսկ ես պիտի փութամ իսկոյն պատասխանելու.

-Քաւ լիցի, եղբա՛րք պատուականք, ամենեքեանքդ կայք հաւասարք առաջի աչաց իմոց, միայն թէ իրերու բնական, բանական ու տրամաբանական բերումով՝ «Ազդակ»-ը քիչ մը աւելի հաւասար է բոլորէն... Ա՛յս է ամբողջ եղածը:

Եւ արդ սկսցուք ուստի արժան է սկսանել:

                                                                    *   *   *

Պարտինք զանազանել  ինք-իր եւ ան-անոր

***Հըզպալլան Իսրայէլի մեծագոյն ծառան է, որովհետեւ անոր զէնքերը առաւելագոյն չափով կը ծառայեն անոր շահերուն (24/3/2025, էջ 2):

Հայերէնը նոյն նախադասութեան մէջ չի կրնար երկու տարբեր անձեր կամ առարկաներ բնորոշել  նոյն անոր դերանունով:

Ըստ այսմ՝ Հըզպալլան ենթական եւ Իսրայէլ անուղղակի խնդիրը չեն կրնար հաւասարապէս անոր կոչուիլ. ենթական պարտինք անուանել  ինք դերանունի հոլովներէն մէկով՝ ինք-զինք-իր-իրեն-իրմէ-իրմով, որ է իր  սեռականը.

Ուրեմն՝

---Հըզպալլան Իսրայէլի մեծագոյն ծառան է, որովհետեւ իր  զէնքերը առաւելագոյն չափով կը ծառայեն անոր շահերուն:

Այսպէսով՝ Հըզպալլայի զէնքերը ծառայած կ’ըլլան Իսրայէլի շահերուն:

***[Իսրայէլացին] չյարգեց որոշումը. անոր առօրեայ յարձակումները շարունակուեցան. անոր վրայ կ’աւելցնեմ լիբանանեան տարածքներ գրաւելը (17/3/2025, էջ 8):

Այս նախադասութեան մէջ անորը-ը հաւասարապէս տրուած է իսրայէլացի-ին, որ եզակի է,  եւ... յարձակումները-ին, որ յոգնակի է:

Այս ալ ուրիշ մերժելի խառնաշփոթ մըն է, որ կարելի էր փարատել հետեւեալ ձեւով.

---[Իսրայէլացին] չյարգեց իր որոշումը եւ շարունակեց յարձակումները,  որոնց  վրայ կ’աւելցնեմ լիբանանեան տարածքներ գրաւելը: 

Տարրական ոճաբանութիւնը կը թելադրէ, որ խուսափինք անորոշ դերբայի գործածութենէ՝ ի նպաստ բայանուններու. այս պարագային՝ գրաւելը-էն:  

---[Իսրայէլացին] չյարգեց իր որոշումը. ան շարունակեց  յարձակումները,  որոնց  վրայ կ’աւելցնեմ լիբանանեան տարածքներու  գրաւումը:  

***Թրամփի նամակը տարբեր չէ. անոր պիտի պատասխանուի անոր քննարկումը ամբողջացնելէ ետք (18/3/2025, էջ 1):

Անոր-ներու այս անմիտ շարանէն կարելի է  հատ մը ջնջել. սա՛պէս՝

---Թրամփի նամակը տարբեր չէ. անոր պիտի պատասխանուի  քննարկումը ամբողջացնելէ ետք:

---Թրամփի նամակը տարբեր չէ. պիտի պատասխանուի անոր քննարկումը ամբողջացնելէ ետք:

***Իսրայէլեան օդանաւեր ցած բարձրութեան վրայ  թռիչքներ կը կատարեն (19/3/2025, էջ 2):

Վերջերս շատ կը կիրարկուի ցած բարձրութիւն բառակապակցութիւնը, որ կ’ակնարկէ հրէական օդանաւերու եւ որ կը կարծեմ թարգմանութիւնն է ֆրանսերէն  basse altitude-ին  կամ  անգլերէն low altitude-ին:

Ճիշդ չեմ գիտեր, թէ ֆրանսացին ու անգլիացին ի՛նչ կը զգան այս հակասական բառակապակցութենէն, սակայն այս գիտեմ, որ ցած բարձրութիւնը անմարսելի  անհեթեթութիւն մըն է, անճաշակ ու  վրդովիչ:

Լատիներէն առածը կ’ըսէ.

---Quod licet Iovi, non licet bovi.

Այլ խօսքով՝ 

---Որ թոյլատրի Զեւսին, ոչ թոյլատրի եզին:

            Այսինքն՝ ամէն ինչ, որ թոյլատրուած է Զեւս  աստուծոյ, անպայման թոյլատրուած չէ եզին եւս:

Անգլիացին ու ֆրանսացին թող ըսեն ուզածնին, մենք պարկեշտօրէն ու պարկեշտ հայերէնով կրնանք ըսել՝ ցածէն թռչիլ, թէկուզ շատ ցածէն թռչիլ:

Եւ հրաժարիլ ցած բարձրութիւն    կոչեալ այլանդակութենէն:

*   *   *

Կարելի է տակաւին  չըսել թռիչքներ, այլ գոհանալ թռիչք-ով:

Օդանաւերուն  յոգնակին բաւարար է թելադրելու համար թռիչքներուն թիւը:

---Իսրայէլեան օդանաւեր շատ ցածէն թռիչք կը կատարեն:

Մէկ թռիչք չի նշանակեր այս, ճիշդ ինչպէս երբ կ’ըսեմ. 

-«Թորոսը խնձոր կը ծախէ»,- մէկ խնձորի ակնարկած չեմ ըլլար:

***Մէկ տարիէ աւելի  Պրազիլի մէջ բջիջային հեռաձայնները արգիլուած են դպրոցներէն ներս, եւ այս քայլին օգուտները արդէն նշմարելի  են:

Այստեղ նմանապէս չափազանցուած են յոգնակիները, որոնց գոնէ մէկը կարելի է զեղչել. այսպէս՝

---Մէկ տարիէն աւելի [է] Պրազիլի մէջ բջիջային հեռաձայնը արգիլուած է դպրոցներէն ներս, եւ այս քայլին օգուտները արդէն նշմարելի  են:

***Սպաննուած են 11 սուրիացիներ, որոնցմէ 9-ը զինուորներ են:

---Սպաննուած են 11 սուրիացիներ, որոնցմէ 9-ը զինուոր են:

Պատկերացուցէք պահ մը, որ ծանօթ երգը ըսէր՝

---«Մենք անկեղծ զինուորներ ենք, առանց ի վիճակ...»:

Որքա՜՜՜ն ծանծաղ, տափակ  ու  մանաւանդ ոչ-ռազմական պիտի հնչէր:

Մանրամասնութիւն մըն ալ.  9  թուանշանը կը գրենք ու կը կարդանք ինը :

Փոխարինենք բնագիրին մէջի թուանշանը ասով.

---Սպաննուած են 11 սուրիացիներ, որոնցմէ ինը-ը զինուոր են:

Ընդունելի՞ է: Այսպէ՞ս կը մտածենք ու կ’արտասանենք: 

Ուրեմն պարտինք գրել՝ ...որոնցմէ  9-ն. եւ ոչ՝ 9-ը:

Մրցոյթ 27.

***Հետեւեալին ի՞նչը կը փոխես.

---Ժամանակն է ստանձնելու խաղաղութիւն  հաստատելու պարտաւորու-թիւնը: 

***Բառ մը կը կարօտի փոխարինութեան:

---Փափաքելի է, որ հետագայ ընտրութիւնները բացթողումներէ զուրկ զերծ ըլլան:

***Ուղղափառ հայերէնով վերաշարադրէ՝ ջնջելով ամէն կրկնութիւն ու աւե-լորդադանութիւն:

---Վաղը աշխատանքը պիտի սկսի աշխատանոցներու շարքի մը վրայ շարքով մը, որ կը կեդրոնանայ առաջնահերթութեանց    եղող ոլորտներու վրայ:

***Ջնջէ՛ աւելորդը եւ վերաշարադասէ՛ հետեւեալը.

---Այս այցելութիւնը երկարատեւ երթ մըն է, որ պիտի ամրապնդէ   կառավարական երկու խումբերուն միջեւ գործընկերութիւնը պիտի ամրապնդէ: 

***Վերաշարադասէ հետեւեալը՝ առանց որեւէ բառ փոխելու:

---Պետութիւնը պարտի ունենալ զէնքի մենաշնորհը՝  լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ զէնքի մենաշնորհը ունենալ:

 

Ճիշդ պատասխանած են՝ Գէորգ Եազըճեան (8,5), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (5), Ցոլակ Ապտալեան (6), Գեղամ Խաչատրեան (8,5), Համբարձում Յարթունեան (9), Լիզա Յովհաննէսեան (6,5), Եփրեմ Թոքճեան (7), Միրնա Սիւլիւքճեան (4) :

 

Մրցոյթ 28.

***Ինչպէ՞ս կը թօթափես հետեւեալին կրկնաբանութիւնը.

---Պատժամիջոցներու ջնջումը, մասնաւորաբար «Սիզըր» պատժամիջոցնե-րու ջնջումը պիտի նպաստէ ելեկտրականութեան ներածման («Ազդակ», 19/5/2025): 

***Փորձէ՛ արտայայտել նոյն միտքը՝ առանց մօտ եւ կամք  բառերուն:

---Իրանի եւ Եգիպտոսի մօտ  քաղաքական եւ տնտեսսկան գործակցութիւնը ամրապնդելու կամք գոյութիւն ունի:

***Սրբագրէ՛ հետեւեալին քերականական սխալը:

---Պանդոկը, ուր իջեւանաած էի, տէրը գաղթական հայ մըն էր:

***Վերաշարադրէ՛ դարմանելով կրկնաբանութիւնը:

---Միացեալ Նահանգներ կ’ակնկալէ, որ բանակցութիւնները երկար ժամանակ չերկարաձգուին («Ազդակ», 5/6/2025, էջ 1):

***Հետեւեալին մէջ բառ մը ճիշդ չէ ընտրուած. փոխարինէ՛ զայն.

---Եկեղեցիի, դպրոցի, ակումբի եւ այլ միութիւններու  կազմակերպումէն ետք երկրորդ փուլն էր այս («Պայքար», թիւ 428):



Արմենակ Եղիայեան 
armenag@gmail.com