Միասնաբար փրկենք հայերէնը (10)
Զոհեր եւ ուրիշներ
--«Զինադադրի խախտումին պատճառով արձանագրուեցան երկու զոհեր եւ վեց ուրիշներ վիրաւորուեցան» («Ազդակ», 2/12/2024, էջ 2):
Ենթադրելի է, որ բոլորդ «հասկցաք», թէ ի՛նչ կ’ըսէ այս նախադասութիւնը, զայն յաւակնած է «հասկցած» ըլլալ գրողը եւս... իսկ այստեղ հասկնալիք ոչինչ կայ, բացի... լեզուական խոփ-խոշոր անհեթեթութենէ մը, որ յատուկ է մասնաւորաբարւ այս էջը մրոտողին, բայց նաեւ քիչ մը ամէն հայու՝ ի հայրենիս թէ ի սփիւռս:
—«Վեց ուրիշներ վիրաւորուեցան»-ն է այդ անհեթեթութիւնը:
Ճիշդ ի՞նչ պէտք է հասկնալ այս «վեց ուրիշներ»-ով այս հաղորդումի ծիրէն ներս:
Այս հարցումին պատասխանելու համար՝ մենք պարտինք քիչ մը աւելի լաւ ճանչնալ ուրիշ բառին նշանակութիւնը, որ ձեր ուսուցիչներէն ոչ մէկը բացատրած է:
* * *
Ուրիշ-ը անորոշ դերանուն է եւ իբրեւ դերանուն՝ խօսքի մէջ կը փոխարինէ նախապէս արտասանուած ու ծանօթ բառ մը՝ ընդհանրապէս գոյական, ճիշդ ինչպէս կ’ընէ անձնական դերանունը. օրինակ՝
--Թորոսը շատ լաւ պատրաստեց դասերը եւ ան յաջողեցաւ քննութեան:
Ան դերանունը կը փոխարինէ Թորոս-ը, ինչպէս գիտէք բոլորդ:
Արդ, քննարկուող բարդ նախադասութեան մէջ մենք չենք գտներ այն բառը, որուն փոխարէն կիրարկուած ըլլայ ուրիշներ դերանունը:
Ուրիշներ... այսինքն՝ ովքե՞ր վիրաւորուեցան, ո՞ւր է այն գոյականը, որ նեցուկ եւ միջուկ ըլլայ ուրիշներ դերանունին, եւ որուն փոխարէն դրուած ըլլայ ուրիշներ -ը:
Չկա՜՜՜յ այդպիսին:
Գոյական ըլլալով այստեղ կը գտնենք «զոհեր» անունը, այլ անուն չկայ. արդ, կարելի՞ է զոհեր-ը-ը փոխարինել ուրիշներ-ով եւ... ուրեմն ըսել.
—«Վեց զոհեր վիրաւորուեցան»:
Եղա՞ւ... բանականութեամբ օժտուած ուղեղի տրամաբանութի՞ւն է այս:
Իսկ եթէ զոհեր-ը չէին վիրաւորուողները, հապա ովքե՞ր էին:
* * *
Անշուշտ այդ վիրաւորուողները կան գրողին մտքին մէջ, եւ անոն ք զոհերը չէին,
բայց ահա չես գիտեր ինչո՛ւ, ինչպէ՛ս, ան չի յաջողիր ճիշդ շարադրել գիտցածը:
Ան կրնայ ըլլալ հետեւեալներէն մէկը.
--«Զինադադարի խախտումին պատճառով զոհուեցան երկու քաղաքայիններ եւ վեց ուրիշներ վիրաւորուեցան»:
Ուրիշներ = քաղաքայիններ
--«Զինադադրի խախտումին պատճառով զոհուեցաւ երկու հոգի եւ վեց ուրիշներ վիրաւորուեցան» :
Ուրիշ(ներ) = հոգի
--Զինադադարի խախտումը պատճառեց երկու զոհ եւ վեց վիրաւոր:
Ուրիշ լուծումներ բացառուած չեն:
Միակ բացառելին՝ զոհերու... վիրաւորուիլն է:
Կը մնայ մաղթել ու ակնկալել, որ այսուհետեւ այս սխալը «չզարդարէ» արեւմտահայ մամուլի էջերը եւ ընթերցողին... ուղեղը:
Եւ կը մնայ, որ մեր գրողները քիչ մը հայերէն սորվելու հակամէտութիւն ցուցաբերեն: Վասնզի բոլորիս պէս, անոնք եւս սորվելու կարիք ունին եւ մանաւանդ չվերադառնան իրենց սխալներուն:
2. Բարբարոս եւ հեթանոս
Հին աշխարհի խաւարին մէջ զուգահեռաբար ծնունդ առին բառային երկու հակադիր, եթէ կ’ուզէք՝ հականիշ, զոյգեր.
-Հելլադայի մէջ՝ հելլեն եւ բարբարոս զոյգը,
-Հրէաստանի մէջ՝ հրեայ եւ հեթանոս զոյգը:
Առաջինը բարբարոս եզրով հելլեն ժողովուրդի մտաւորական լոյսին կը հակադրէր աշխարհի մնացեալ անխտիր բոլոր ժողովուրդներու խաւարամտութիւնը, իսկ երկրորդը հեթանոս եզրով կը հակադրէր իր կրօնական ուղղափառութիւնը բոլոր անոնց, որոնք Աստուծոյ ընտրեալը, այսինքն՝ հրեայ չէին:
Պատմութիւնը շատ չանցած արդարացուց այս զոյգ յաւակնութիւնները:
Յունաստան, որ իր ոսկեդարէն կարճ ժամանակ մը ետք կորսնցուց իր անկախութիւնը եւ դարձաւ Հռոմի երկրորդական, չըսելու համար՝ անկարեւոր մէկ գաղութը, յաջողեցաւ իր մշակոյթը պարտադրել իր տիրակալներուն. հռոմէացի բարձրաստիճան զօրականներն ու մտաւորականները մեծ մասամբ յունարէնով կը հաղորդակցէին: Աղեքսանդրիոյ հռոմէական համալսարանի մէջ ուսուցման գլխաւոր լեզուն յունարէնն էր: Մենք Ներոն կայսրը կը ճանչնանք իբրեւ քրիտոսնեաներու հալածիչն ու Հռոմը կրակի տուողը, եւ կ’անգիտանանք մնացեալը. հազիւ թէ գիտցողներ ըլլան, որ Ներոն կայսրը ոտանաւոր կը գրէր... յունարէնով, եւ ոչ իր մայրենի լատիներէնով, այլեւ կը դաշնաւորէր զանոնք ու կ’երգէր՝ ընկերակցութեամբ քնարի, որուն լարերուն վրայէն իր սեփական մատներն է որ կը սահէին: Անոր ոտքին մէկը ընդհանրապէս Յունաստան էր, ուր գեղարուեստական հանդիսութիւններ տեղի կ’ունենային, եւ Ներոն չէր վարաներ ցուցադրելու իր շնորհները անոր բեմերուն վրայ:
Այնուհետեւ ալ եւ մինչեւ մեր օրերը, Արեւմտեան քաղաքակրթութիւնը շարունա-կեց մնալ ու կը մնայ յունական մտքի տիրապետութեան տակ` անկէ առնելով իր լոյսը:
* *
*
Իր կարգին՝ հրեայ ժողովուրդը,- որ քաղաքական ոչ մէկ ուժ կը ներկայացնէր, եւ ունեցածն ալ կորսնցուց 70-ին, երբ իր թիւին մէկ երրորդը զոհ գնաց հռոմէական կոտորածներուն, միւս երրորդը ցրուեցաւ աշխարհով մէկ, եւ խեղճ ու կրակ խլեակներ միայն մնացին երբեմնի Աւեցեաց երկրին եւ իրենց հոգեւոր կեդրոնի՝ Երուսաղէմի տաճարի աւերակներուն մէջ,- այսուհանդերձ յաջողեցաւ իր դաւանած արժէքները պարտադրել ամբողջ Արեւմուտքին՝ իր սրբազան գիրքով՝ Հին կտակարանով, այլեւ ու մանաւանդ ... Քրիստոսի՝ Դաւիթ թագաւորի ծոռնորդիի պատուիրաններով:
Այս տիրապետութիւնը այնքան զօրաւոր եղաւ,- եւ կը շարունակէ ըլլալ,- որ Արեւմուտքը չվարանեցաւ «հաւատաքննութեան ատեաններ» հաստատելու եւ խարոյկի վրայ այրելու իր զաւակներէն անոնք, որոնք կը շեղէին յիշեալ պատուիրաններէն:
Մրցոյթ 9.
***Դուն ինչպէ՞ս պիտի նախընտրէիր ըսել հետեւեալը.
---Իսրայէլեան օդուժը հրթիռակոծած է:
***Գտի՛ր ու սրբագրէ՛ հետեւեալին սխալը.
---Ոչ միայն հայերը, այլեւ ամբողջ աշխարհը այսօր կը տառապի տհասու-թենէ ու անմտութենէ:
***Հետեւեալներէն ո՞ր մէկը աւելի հաճելի կը հնչէ.
---Այդ իրաւասութիւնը կը պատկանի նշանակեալ վարչապետին:
---Այդ իրաւասութիւնը նշանակեալ վարչապետին կը պատկանի:
***Բառ մը փոփոխութեան կը կարօտի.
---Ցուցարարները պահանջեցին ապահովել հայ բնակչութեան վերադարձի իրաւունքը եւ պարզել անհետ կորսուած անձերուն ճակատագիրը:
***Հետեւեալին մէջ ո՞ւր կը դնես նաեւ շաղկապը.
---Անոնք քննեցին գերիներու հարցը, կատարեցին կարգ մը նկատողութիւններ, նաեւ պահանջեցին արդար դատավարութեան մը կայացումը:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Գէորգ Եազըճեան (4), Ցոլակ Ապտալեան (4), Գեղամ Խաչատրեան (6), Պերճ Տէր Սահակեան (6), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (6), Համբարձում Յարթունեան (6), Եփրեմ Թոքճեան (8):
Մրցոյթ 10.
***Փոխարինել թէեւ-ը աւելի յարմար շաղկապով մը:
---Ես եմ յարութիւնն ու կեանքը. ան որ ինծի հաւատայ, թէեւ մեռնի՝ պիտի ապրի (Յովհաննու, 11/25):
***Դուն ինչպէ՞ս պիտի ըսէիր հետեւեալը.
---Իւրաքանչիւ դահեկանը, որ կը հաւաքոււի, ոչ ոք իրաւոնք ունի զայն մսխելու:
***Հետեւեալին մէջ բառային ի՞նչ փոփոխութիւն կ’ընես.
---Այս կերպ անոնք կրնան մէկ քարով երկու թռչուն սպաննել («Ազդակ», 29/1/2025, էջ 8):
***Փորձէ աւելի ճիշդ շարադասել հետեւեալը.
---Նախարարը իր հետ կը բերէ նախագահ Ժոզեֆ Աունին ուղղուած Եգիպտոսի նախագահ Սիսիի նամակը («Ազդակ», 31/1/2025, էջ 2): :
*** Ո՞ր բառը կը փոխես՝ աւելի բարեհունչ դարձնելու համար հետեւեալը.
---Վարչապետը զգուշացուցած է, թէ եթէ Հայաստան անդամակցի ԵՄ-ին, կը կորսնցնէ ռուսական շուկան:
Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com