image

Միասնաբար փրկենք հայերէնը (20)

Միասնաբար փրկենք հայերէնը (20)

Միասնաբար փրկենք հայերէնը (20)

Սիրելի՛ Նարէ,

Հաճոյքով կարդացի յօդուածդ «Ազդակ»-ի 11/4/2025-ի թիւին մէջ:

Խոր մարդկայնութիւն կը բուրէր անոր իւրաքանչիւր տողը: Վստահ եմ շատ ուրիշներ ալ կը մտածեն ինծի պէս ու կը ձայնակցին ինծի: Վարձքդ կատար:

Հաճելի է մանաւանդ  հաղորդուիլ սահուն հայերէնիդ ու ոճիդ:

Գիտես  այս, այդ, այն, ան դերանունները գործածել՝ ասիկա, ատիկա, անիկա-յի փոխարէն:

Փափաքելի է որ նկատի ունենաս հետեւեալները:

                                                                          *   *   *

***Ան աշխարհի ամենաերկարակեաց պատիժի դատապարտուած էր:

---Երկարակեաց  ածականով կը բնորոշուին միայն շնչաւոր արարածները՝ մարդ, անասուն, բոյս:

Պատիժին համար կ’ըսենք՝ երկարատեւ:

Միւս կողմէ՝ ամենա- նախածանցը կրող բառին որոշեալը միշտ որոչիչ յօդ կը պահանջէ. օրինակ՝

--ամենամբարձր ծառը

--ամենասուղ բնակարանը

Հայերէն չէ՝ ամենաբարձր ծառ... ամենասուղ ծառ...

Ուրեմն որոշիչ յօդ կը պահանջէ նաեւ պատիժի բառը՝ պատիժին:

 

***12 ժամ տեւած ծեծէն ու հարցաքննութիւններէն ետք...

---Ծեծ եւ հարցաքննութիւն հաւասարապէս վերացական հասկացութիւններ են. Քանի ծեծ-ը եզակի կիրարկուած է, պէտք է եզակիմ կիրարկուէր նաեւ հարցաքննութիւն-ը. ուրեմն՝ 

--«12 ժամ տեւած ծեծէ ու հարցաքննութենէ ետք»:

Այսպէս աւելի բարեհունչ, առոյգ ու կայտառ է նախադասութիւնդ:

Յոգնակիի չափազանցութիւնը  կը ծանծաղեցնէ հայերէնը:

 

***Փաստաբանները կը պնդէին, որ ապացոյցները սարքուած էին:

---Սարքուած դերբայը չի յաջողիր ճիշդ ու ամբողջական թարգմանել միտքդ:

Պարտէիր ըսել՝ սարքովի ապացոյցներ... որ կը նշանակէ կեղծ, շինծու, յերիւրածոյ:

 

***Քարոզարշաւի մասնակիցները կասկածի տակ դրած են հարցախոյզերու ձեւակերպումները... հարցախոյզերու վերլուծութիւնը ցոյց տուած է...»:

---Պէտք է ըլլայ հարցախոյզներու՝ ներու:

Երբ բայարմատը  գործողութիւն  կատարող կը բնորոշէ, բարդ բառին յոգնակին կը կազմենք ներ-ով. օրինակ՝

Իսկ երբ բայարմատը գոյական/առարկայ կը բնորոշէ, բարդ բառինյոգնակին կը կազմենք եր-ով:

Օրինակ՝

--նամակագիր... նամակագիրներ  (նամակ գրողներ)

   լրագիր ...  լրագրեր (լուր բովանդակող գրութիւն)

--ուղեցոյց ... ուղեցոյցներ (ուղղութիւն ցոյց տուողներ)

--նստացոյց ... նստացոյցեր (նստելով արտայատուած բողոքներ):

Այսպէս ալ՝ 

--ինքնաշարժներ/երկրաշարժեր

--հոմանիշներ/յատկանիշեր

 

***144 երկիրներ վերացուցած կամ կասեցուցած են մահապատիժը:

--Վերացուցած-ը ճիշդ ընտրուած չէ.  աւելի ճիշդ է կասեցուցած-ը:

Կարելի էր ըսել նաեւ՝ առկախած է մահապատիժը:

 

***Ամերիկայի նահանգներու մեծ մասը ... դադարեցուցած է այդ:

---Դադարեցնել բայ չունինք, որպէսզի ունենանք դադարեցուցած:

Ունինք՝ դադրիլ/դադրած եւ դադրեցնել/դադրեցուցած:

Արդէն աւելի անդին կիրարկած ես այս վերջինը: 

«Կոչ ըրած էր դադրեցնելու  մահապատիժները»:

Այդ դերանունին իբրեւ ուղիղ խնդիր կիրարկութիւնը եւս պատշաճ չէ այստեղ. աւելի վայելուչ է զայն դերանունը. ուրեմն՝

«Ամերիկայի նահանգներու մեծ մասը դադրեցուցած է զայն»:

 

***Ան ազատ արձակուեցաւ մինչեւ վերադատավարութիւնը:

---Վերադատավարութիւն բառը կրնար գոյոգթիւն ունենալ եթէ հայերէնը օժտուած ըլլար  վերադատավար ածականով կամ վերադատավարել բայով:

Չունինք ո՛չ մէկը, ո՛չ միւսը:

Ունինք վերադատ  ածականը, որ կրնայ տալ վերադատել, վերադատում:

Ասոր հոմանիշներ են՝վերաքննել, վերանայիլ:

Ուստի՝ վերադատում, վերաքննում, վերանայում:

Ուրեմն՝ 

«Ան ազատ արձակուեցաւ մինչեւ վերադատումը»:

 

***Սակայն մահապատիժները վերջնականապէս դադրեցնելու հեռանկար-ները մշուշոտ են:

---Երկու յոգնակիներն ալ վերացական գոյականներ են, իսկ այսպիսիներուն յոգնակին դժուար կ’ըմբռնուի եւ դժուար կ’իւրացուի:

Ծանր, ծանծաղ ոճ է այս:

Մանաւանդ որ բնաւ անհրաժեշտ չեն  այդ յոգնակիները:

Անհամեմատ աւելի վայելուչ ու հաղորդական է խօսքդ, երբ կ’ըսես.

«Սակայն մահապատիժը վերջնականապէս դադրեցնելու հեռանկարը մշուշոտ է»:

Ծանօթ. Այստեղ եւս կը գտնենք դադրեցնել ճիշդ ձեւը:

Մրցոյթ 19.

***Փորձէ՛ տրամաբանական վերջ  մը տալ հետեւեալ նախադասութեան.

---Դիւրին է կրել ուրիշին ցաւը,  դժուարը՝  սեփականը կրելն է:

***Ինչպէս կը վերաշարադրես  հետեւեալները.

---Հայկական կողմը ձեռնածութեամբ կը զբաղի՝  փոխանակ փորձելու վերացնել պայմանագիրի ստորագրութիւնը խոչընդոտող հարցերը:

---Հայկական կողմը, փոխանակ փորձելու վերացնել պայմանագիրի ստո-րագրութիւնը խոչընդոտող հարցերը, կը զբաղի ձեռնածութեամբ:

---Փարաքարցին մեզ պիտի ընտրէ շարունակելու համար այն աշխատանքը,  որուն մեկնարկը արդէն տրուած է («Հայկական ժամանակ»):

***Հետեւեալներէն ո՞ր յոգնակին կարելի է եզակի դարձնել.

---Պրազիլի մէջ բջիջային հեռաձայնները արգիլուած է դպրոցներէն ներս,  եւ այդ քայլին օգուտները արդէն նշմարելի են («Ազդակ», 22/3/2025, էջ 5):

***Քու շարադրութեամբդ ըսէ.

---Կոչ կ’ուղղենք Պաքուին եւ Երեւանին՝ զսպուածութիւն   ցուցաբերելու եւ խուսափելու սրելէ կացութիւնը:

***Սրբագրէ՛  հետեւեալ սխալ  կառոյցը.

---Հայաստանի ռազմական ծախսերը պիտի շարունակեն աճիլ՝  կլանելով պիւտճէին մէկ կարեւոր մասը: 

 

Ճիշդ պատասխանած են՝ Գէորգ Եազըճեան (7), Ցոլակ Ապտալեան (6,5), Համաբարձում Յարթունեան (6), Գեղամ Խաչատրեան (5), Լիզա Յովհաննէսեան (7,5), Միրնա Սիւլիւքճեան (7),  Դանիէլ Թիւֆենքճեան (7,5),  Եփրեմ Թոքճեան (8), Պերճ Տէր Սահակեան (6):

 

Մրցոյթ 20.

***Վերաշարադրէ մի՛այն ընդգծուած թաւ հատուածը:

---Վարչապետը պահանջեց արագօրէն գործել պէտք եղած հետաքննութիւն-ները կատարելու` բացայայտելու համար հրթիռարձակման հեղինակները:

***Հետեւեալ յոգնակիներէն ի՞նչ  կը դարձնես եզակի.

---11 քաղաքայիններ մահացան, երբ իսրայէլեան օդուժը երէկ արշալոյսին Սուրիոյ մէջ ռազմավարական դիրքերու եւ զինուորական երկու օդակայաններու վրայ յարձակումներ գործեց:

***Դուն ինչպէ՞ս  կ’ըսէիր «Առաջին ալիք»-ի փոխարէն.

---Քիչ հաւանական է, որ ԱՄՆ-Իրան գործարքը կ'իրագործուի, իսկ Իրանը կը հրաժարուի միջուկային ծրագրից:

***Կրնա՞ս աւելի վայելուչ դադրձնել հետեւեալ կառոյցը.

--- Անոնց ուղղուած մեղադրանքները երբեք համոզիչ չեն թուիր թէ՛ երկրէ ներս եւ թէ՛ արտասահմանի շրջանակներուն։

***Սրբագրէ քերականական սխալը:

---Երանի գայ գեղեցիկ օր մը, որ սփիւռքն ու Հայաստանը ունենան ճանա-պարհ մը:

Տեսնել վարը՝ էջ 4:                                              

Իմ նախորդ առաքումովս անդրադարձած էի հետագիծ բառի առաջին կիրարկութեան: Ուրեմն մեր շատ սիրելի ուսուցչապետ Յակոբ Կիւլլիւճեանը գտած է այս բառին մէկ հնագոյն կիրարկութիւնը՝ հայր Մանուէլ Քաջունիի գիտական բառարանին մէջ (1881). կը մէջբերեմ.


Ուրեմն հայր Քաջունի հետագիծ կոչած է ֆրանսերէն trajectoire բառը:

Ֆրանսերէնի այս բառը, ինչպէս տրուած  բացատրութեան մէջ ալ կը նկատենք, կը բնորոշէ շարժող-դարձող-յառաջացող առարկաներու ոչ թէ իրենց ետին ձգած տեսանելի ու շօշափելի հետքը, այլ այն վերացական գիծը կամ ծիրը, որուն  կը հետեւի տուեալ մարմինը: Ան ի մտի ունի մասնաւորաբար արձակուած ռումբ մը եւ տիեզերքին մէջ շրջող մոլորակ մը:

Ունինք հայր Քաջունիի ժամանակակից  շուրջ  տասնեակ մը այլ ֆրանսե-րէն/հայերէն բառարաններ, որոնց բոլորն ալ trajectoire-ին տուած են նոյն բացատրութիւնը: Միւս կողմէ՝ անոնցմէ ոչ մէկը հետագիծ կոչած է ֆրանսերէն այդ բառը:

Ներկայիս հետագիծ-ը, ինչպէս ըսեր էի, գրական հայերէնի մէջ կը մեկնաբանուի իբրեւ տեսանելի ու շօշափելի հետք, որ շարժող առարկայ մը կը ձգէ իր ետին:  Գիտական աշխատութիւնները կրնան տարբեր սահմանել զայն:

              

Արմենակ Եղիայեան
 armenag@gmail.com