image

Միասնաբար փրկենք հայերէնը (19)

Միասնաբար փրկենք հայերէնը (19)

Միասնաբար փրկենք հայերէնը (19)

1.Ծանօ՞թ ես այս ծառին:

Յուդայածառն է ան:

Գիտական անունը՝ Cercis:

Ֆրանսերէն՝ arbre de Judée:

Անգլերէն՝ Juda tree:

Իտալերէն՝ albero di Giuda:      

Արաբերէն՝         شجرة يهوذآ 

                                   *   *   *

Կ’աճի մասնաւորաբար  Հարաւային Եւրոպայի եւ Արեւմտեան Ասիոյ տարածքներուն: 

Բազմաճիւղ է, կրնայ ունենալ մինչեւ 10 մեթր հասակ: Կը ծաղկի ապրիլի ու մայիսի միջեւ,  զատկուան շուրջ, նախքան դալարիլը, այսինքն՝ տերեւներ արձակելը:

Աւանդութիւնը կ’ըսէ, թէ Յուդա այս ծառէն կախած է  ինքզինք, որմէ ետք իսկոյն ծաղկած է ան:

Ունի սխտորաձեւ  տափակ պտուղ մը, որ կազմուած է մօտ 10 պճեղներէ,

IMG_256

որոնց  պարու-նակած կուտըշատ գնահատուած էերաշտահաւէն (mésange, titmouse, cincia): 

  2. Միասնաբար կարդանք հետեւեալ նախադասութիւնը, որ կը բովանդակէ լեզուական բաւական ուսանելի նիւթեր՝ երախտապարտ մնալով «Ազդակ»-ի քաղաքական էջին, որ մեծահոգաբար նման շինիչ կառոյցներ կը հնարէ՝  օժանդակելու համար ընթերցողներուս հայերէնագիտութեան:

***[Սիւնիքի]  բնակիչները իրաւունք ունին խաղաղ, առանց անհանգստութ-եան եւ սպառնալիքներու ապրելու (25/3/2025, էջ 1):

Սիւնեցիներու կենցաղին ուղղուած բարի մաղթանք մըն է այս, որ օժտուած է երեք յատկանիշերով.  ինչպէ՞ս  ապրելու՝

--խաղաղ

--առանց անհանգստութեան

--[առանց] սպառնալիքներու

Այս մաղթանքներէն առաջինը պարզ բառ մըն է՝ խաղաղ:

Միւս երկուքը  դարձդարձիկ բառակապակցութիւններ են:

Այլ խօսքով՝ անհամասեռ  խօսք մըն է այս, ուր նոյն պաշտօնը կատարող անդամներ ունին տարբեր ձեւաւորում, ինչ որ ոճաբանական  թերութիւն մըն է:

Փորձենք սրբսգրել  այդ  անհամասեռութիւնը:

Առ այս՝  ջնջենք առաջին բառակապակցութեան առանց ժխտական նախադրութիւնը,  ջնջենք ան ժխտական նախածանցը եւս, եւ կը ստանանք հանգստութիւն գոյականը. կը պահենք ասոր հանգիստ   արմատը:

Երկրորդ բառակապակցութիւնը կարելի է թարգմանել ապահով ածականով: 

Այպէսով կ’ունենանք՝

---[Սիւնիքի] բնակիչները իրաւունք ունին խաղաղ, հանգիստ ու ապահով 

ապրելու:

Կը նկատէ՞ք որքան առինքնող, պարզ ու  գրաւիչ է հայերէնը,  մեղեդիի մը

քնքշութեամբ, երբ ճիշդ  մտածենք եւ ճիշդ ու անսեթեւեթ  գրենք զայն:

  1. Յետագիծ եւ հետագիծ

Վերջերս երկու առիթով՝ «Ազդակ»-ի եւ «Արարատ»-ի մէջ  հանդիպեցայ յետագիծ բառին՝ ա՛յս ուղղագրութեամբ: 

Երկուքն ալ սխալ են:

Շատ հազուագիւտ կիրարկութիւն ունեցող բառ մըն է, որ պէտք է ըլլայ հետագիծ՝ հ-ով:

Բարդ բառ մըն է, որուն բաղադրիչներն են հետ(ք)+գիծ:

Բուն իմաստով հետագիծ կը կոչենք որեւէ շարժող, յառաջացող, ընթացքի մէջ եղող առարկայի իր ետին ձգած հետքը, գիծը, նշանը, անշուշտ եթէ ունի այդպիսին, քանի ամէն յառաջացող առարկայ անպայման հետք չի ձգեր իր ետին:

Հետագիծ են հողին կամ աւազին վրայէն ընթացող կառքի անիւներուն ձգած զուգահեռ գիծերը, ակօսները: Այլեւ այդ նոյն հողին կամ աւազին վրայէն յառաջացող  մարդու եւ    անասուններու ներբաններուն դրոշմած հետքերը:

Այնպէս ալ անջրպետ արձակուած հրթիռին ձգած ծուխի  գլանաձեւ  գոյացութիւնը:    

 Իրենց ետին հետագիծ կը ձգեն կարգ մը տեղափոխուող երկնային մարմիններ, որ  «պոչաւոր աստղ» կը կոչենք. հետագիծը հէնց այդ պոչի բաժինն է երկնակամարին վրայ:

Փոխաբերաբար՝ հետագիծ կը կոչենք մարդ արարածին իր ետին՝ իրմէ ետք ձգած յիշատակները յետնորդներուն գիտակցութեան  մէջ  եւ  ընդհանրապէս դրական, անշուշտ ոչ միշտ.  այն, որուն այնքան կառչած էր Պետրոս Դուրեան.

Իսկ աննշան եթէ մնայ
Երկրի մէկ խորշն հողակոյտն իմ,
Եւ յիշատակս ալ թառամի,
Ա՜հ, ա՛յն ատեն ես կը մեռնիմ։

                                                                      *   *   *

Այս բառը չենք գտներ Գայայեանի (1938) եւ Մալխասեանի (1944) մէջ:

Այնուհետեւ առաջինը կը գտնեմ հայր Պետրոս Ճիզմեճեանի (1954) մէջ:

Ապա յաջորդաբար՝ Ակադեմիայի, Աղայեանի,  Արտաշէս Տէր Խաչատուր- եանի, հայր Անդրանիկ Կռանեանի բառարաններուն մէջ: Հիմա հարց է, թէ  Ճիզմեճեանի օրո՞վ հնարուեցաւ ան, եւ ուրկէ՞ առաւ ան  իր այդ բառը, ո՞վ եղաւ զայն հնարողն ու առաջին գործածողը...  

Ահա հարցեր, որոնց պատասխանը չունիմ:

Եթէ ընթերցողներէս մէկն ու մէկը աւելի բան մը գիտէ, թող գրէ ինծի, եւ  մեծ հաճոյքով զայն կը  դնեմ բարեկամներուս տրամադրութեան տակ:

Կանխայայտ շնորհակալութիւն:

 

Մրցոյթ 18

***Ինչպէ՞ս կը դարմանես հետեւեալներուն կրկնաբանութիւնները.

---Այսպիսի զղջում մը որքա՞ն արդար զղջում կարելի է համարել, քանի որ ան ստիպողական զղջում մըն է եւ ո՛չ՝ կամաւոր… («Ժամանակ»,18/3/2025, էջ 2):

---Որդեգրելու համար նոր խումբ մը նշանակումներու, որոնց ամէնէն նշանակալիցը  ուշագրաւը Կեդրոնական դրամատան կառավարիչինն  նշանակումն     է («Ազդակ», 20/3/2025, էջ 2):

***Կրնա՞ս  «Ազդակ»-ի հետեւեալ մահերգը վերածել յաղթերգի.

---Սպիտակ տունը յայտարարեց. «Մերժելով ազատ արձակել գերիները՝ Համաս ընտրեց պատերազմը»(անդ, 19/3/2025, էջ 8):

***Հետեւեալներուն մէջ մէկական  բառ փոփոխութեան կը կարօտի.

---Երեսուն հինգ տարիէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Լիբանան ազատագրուած է որեւէ  ամէն  հոգատարութենէ («Ազդակ», 21/3/2025, էջ 2):

---Այսօր իբրեւ լիբանանցիներ՝ մենք կրնանք որոշել՝ որոշումը դուրսէն գալու ստանալու փոխարէն (անդ): 

   

Ճիշդ պատասխանած են՝  Համբարձում Յարթունեան (7), Ցոլակ Ապտալեան (3), Գէորգ Եազըճեան (5), Միրնա Սիւլիւքճեան (4),  Դանիէլ Թիւֆենքճեան (7), Եփրեմ Թոքճեան (7,5), Պերճ Տէր Սահակեան (5):  

             

Մրցոյթ 19.

***Փորձէ՛ տրամաբանական վերջ  մը տալ հետեւեալ նախադասութեան.

---Դիւրին է կրել ուրիշին ցաւը,  դժուարը՝   . . . . . . . . . .:

***Ինչպէս կը վերաշարադրես  հետեւեալները.

---Հայկական կողմը՝ փոխանակ փորձէ վերացնել պայմանագիրի ստորագրութիւնը խոչընդոտող հարցերը, ձեռնածութեամբ կը զբաղի («Ասպարէզ», 21/3/2025):

---Փարաքարցին մեզ պիտի ընտրէ այն աշխատանքը շարունակելու համար, որուն մեկնարկը արդէն տրուած է («Հայկական ժամանակ»):

***Հետեւեալներէն ո՞ր յոգնակին կարելի է եզակի դարձնել.

---Պրազիլի մէջ բջիջային հեռաձայնները արգիլուած են դպրոցներէն ներս,  եւ այդ քայլին օգուտները արդէն նշմարելի են («Ազդակ», 22/3/2025, էջ 5):

***Քու շարադրութեամբդ ըսէ.

---Պաքուին եւ Երեւանին կոչ կ’ուղղենք զսպուածութիւն ցուցաբերել եւ խուսափելու կացութիւնը սրել (անդ):

***Սրբագրէ՛  հետեւեալ սխալ  կառոյցը.

---Հայաստանի ռազմական ծախսերը պիտի շարունակեն աճիլ՝ պիւտճէի մէկ կարեւոր մասը յատկացնելով այդ նպատակին («Արարատ», 29/3/2025):



Արմենակ Եղիայեան 
armenag@gmail.com