Զուիցերիոյ խորհրդարանի պատգամաւորներ Էրիխ Ֆոնթոպելը (Դաշնային Դեմոկրատական Միութիւն) եւ Լուքաս Ռայմանը (Զուիցերական Ժողովրդական Կուսակցութիւն), «Միջազգային Քրիստոնէական Համերաշխութիւն» կազմակերպութեան նախագահ դոկտոր Քոն Այպները եւ Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեանը այս շաբաթ կը գտնուին Ուաշինկթըն՝ ներկայացնելու Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ Զուիցերական խաղաղութեան նախաձեռնութիւնը։ Այցի նպատակն է խթանել Միացեալ Նահանգներու աւելի աշխուժ ներգրաւուածութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ արդարութեան եւ երկարաժամկէտ կայունութեան հաստատման գործին մէջ։
Ինչպէս իր դիմատետրեան էջին յայտնած է Վարդան Օսկանեանը, 2025-ի մարտին Զուիցերիոյ խորհրդարանը պատմական որոշում ընդունած է՝ պարտաւորեցնելով Դաշնային Խորհուրդին կազմակերպել միջազգային խաղաղութեան համաժողով։ Համաժողովը կը նախատեսէ միջազգային վերահսկողութեամբ ուղիղ երկխօսութիւն Ատրպէյճանի իշխանութիւններու եւ Լեռնային Ղարաբաղի տեղահանուած հայերու ներկայացուցիչներու միջեւ՝ կամաւոր, համախմբուած եւ արժանապատիւ վերադարձի շուրջ բանակցութիւններ սկսելու նպատակով։
Յուլիս 7-ին՝ երկուշաբթի առաւօտեան, պատուիրակութիւնը հանդիպած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալներու օգնականներ Ճէյք ՄաքԿիի եւ Մոնիքա Ակըր Եաքոպսընի հետ։ Քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղի տեղահանուած հայերու իրաւունքները, ինչպէս նաեւ զարգացումները Հարաւային Կովկասի եւ տարածաշրջանի մէջ։
Օսկանեանի խօսքով, պատուիրակութիւնը Ուաշինկթընի մէջ պիտի շարունակէ հանդիպումները Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի անդամներու, մարդու իրաւունքներու կազմակերպութիւններու եւ վերլուծական կեդրոններու հետ՝ ապահովելու Զուիցերական խաղաղ նախաձեռնութեան աջակցութիւնն եւ տեղահանուած բնակչութեան ճգնաժամը միջազգային օրակարգի մէջ պահելու համար։