image

Միասնաբար փրկենք հայերէնը (21)

Միասնաբար փրկենք հայերէնը (21)

Միասնաբար փրկենք հայերէնը (21)

  1. Սորվինք կանթ-ը եւ կոթուն-ը:

     

 Կանթ                                         Կոթուն                                        Կանթ

--կանթ կը կոչուի տերեւը   կամ վարդը  ցօղունին կապող բարակ շիւղը:

--կանթ  կը կոչուին նաեւ  դռան, տապակի, գաւաթի, կաթսայի այլաձեւ  բռնակները:

--կանթ+եղ=կանթեղ, այսինքն՝ կանթով օժտուած, կանթ ունեցող:

Ֆրանսերէն՝   poignée,  անգլերէն՝ handle: 

 IMG_256 

                                                                                                                                  

--կոթուն կը կոչուի  պտուղը ճիւղին կապող շիւղը կամ ծիղը:

                                                                 *   *   *

Այս կուժն ինձ պէս սիրուց խփուած (1) խեւ է եղել,

Խեւ մազերից գերուած, օրը սեւ է եղել,

Կեռած կանթը (2), որ տեսնում ես նրա վզին,

Մի սիրունի վզովն ընկած թեւ է եղել։

                                                   Օմար Խայյամ   

IMG_256

  1. Սիրուց խփուած սիրահար                     

  2. Կեռած կանթ կեռ, ոլորուն  կանթ

  1. Լեզուական առեղծուած մը

Այդ առեղծուածը կը պարտինք «Ասպարէզ»-ի հայագէտներուն:

Հետեւինք.

«Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ 2 ապրիլին խումբ մը քոնկրեսականներ իրենց ձայնը պիտի միացնեն՝ Հայ դատը ջատագովելու համար...»։

«Նախքան յուշ-երեկոն, 1--2 ապրիլին, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ ծրագրուած է օրէնսդիրներու հետ Հայ դատը ջատագովելու հանդիպումներու շարք մը» (26/3/2025):

Խնդրոյ առարկան այստեղ երկու անգամ կիրարկուած՝ ջատագովել բայն է:

Որ երկուքի պարագային ալ իբրեւ ուղիղ խնդիր ունի Հայ դատը:

Ջատագովել ի՞նչը, Հայ դատը:

Արդ, ջատագովել արդի հայուն համար կը նշանակէ գովասանական, քիչ մը ուռուցիկ, բառեր, խօսքեր ըսել մէկուն կամ բանի մը մասին. այլ խօսքով՝ գովերգել, գովաբանել մէկուն ունեցած ու մա՛նաւանդ... չունեցած արժանիքները:

Հիմա հարց է, թէ ինչպէ՞ս կարելի է ջատագովել, այսինքն՝ գովաբանել դատ մը, ի՞նչ, ո՞ր բառերով:

Դատ մը կարելի է արծարծել, ներկայացնել, պաշտպանել, սակայն գովաբանե՜՜՜լ... ի՞նչ ըսելով, խոստովանիմ, որ չեմ գիտեր:

Եւ յետոյ ի՞նչ կը շահի դատ մը, եթէ գովաբանուի ան: 

Մենք՝ հայերս, որ տէրն ենք այդ դատին, ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր շահը, եթէ քոնկրէսականներ լորձնաշուրթն եւ ի լուր աշխարհի գովաբանեն մեր դատը. Մէկ հատ նահատակ յարութիւն պիտի առնէ՞, մէկ ափ հող պիտի վերադարձուի՞ Արեւմտեան Հայասատանէն եւ Արցախէն, ա՛լ չեմ ըսեր՝ Նախիջեւանէն ու Կիլիկիայէն:

                                                     *   *   *

«Ասպարէզ» իր սաղաւարտին տակ ունի ուրիշ նապաստակներ եւս, որոնց կ’անդրադառնանք ստորեւ.

*** Պաքու մնայուն կերպով կը պահանջէ սահմանադրութիւնը փոխել:

---Պաքու յարատեւ կը պահանջէ...

*** Գրասենեակը հաղորդագրութեան մը միջոցով յայտարարեց:

---Գրասենեակը հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց:

***Պաշտօնական կերպով հակամարտութեան աւարտը պիտի յայտարա-րուի:

---Հակամարտութեան աւարտը  պիտի յայտարարուի պաշտնապէս:

*** Այդ պիտի նշանակէ սայլը ձիէն առաջ դնել:

---Այդ պիտի նշանակէ սայլը ձիուն առջեւ դնել:

*** Նոր օրերու «ընկեր Փանչունի»ն կ’ըսեմ ինքզինքիս:

IMG_256

---Նոր օրերու «ընկեր Փանջունի»-ն կ’ըսեմ իքնիրենս:

  1. Կիտիոն Սահեր

«Ազդակ»-ի քաղաքական էջը իր տառադարձական փառապսակին վրայ  կ’աւելցնէ նոր դափնի մըն ալ՝ Կիտիոն Սահեր կարդալով ու տառադարձելով արաբինجدعون سآعر   եւ եւրոպացիին  Gideon Saar գրած անունը (19/2/2025):

Իսկ «Արարատ» զայն տառադարձեց Կիտուն  Սաէր (3/4/2025):

Որքա՜՜՜ն պիտի ցանկայինք,  որ մեր լրագրողներն ալ գիտնային, թէ սա Հին կտակարանի Գեդէոն Սաար անունն է, որ ունի 53 գործածութիւն: Ինչո՞ւ արաբն ու եւրոպացին  պիտի յաջողին հաւատարիմ մնալ իրենց սուրբգրային անուններուն, իսկ հայ լրագրողը պիտի այսպէս  զառածի  տգիտութեան խաւարին մէջ:

«Հայրենիք»-ը, ետ չմնալու համար այս մրցավազգէն ու խլելու համար ի՛ր դափնին, Isaak Newton-ը տառադարձած է Այզաք Նիւթըն (7/4/2025) հոն, ուր դարերէ ի վեր  մենք զայն կը տառադարձէինք  Իսահակ Նեւտոն :  Աս ալ այսպէս...

Մրցոյթ 20.

***Վերաշարադրէ մի՛այն ընդգծուած թաւ հատուածը:

---Վարչապետը պահանջեց արագ գործել՝ կատարելու պէտք եղած  հետաքննութիւնները` բացայայտելու համար հրթիռարձակման հեղինակները:

***Հետեւեալ յոգնակիներէն ի՞նչ  կը դարձնես եզակի.

---11 քաղաքայիններ մահացաւ, երբ իսրայէլեան օդուժը երէկ արշալոյսին Սուրիոյ մէջ ռազմավարական դիրքերու եւ զինուորական երկու օդակայաններուի վրայ յարձակումներ գործեց:

***Դուն ինչպէ՞ս  կ’ըսէիր «Առաջին ալիք»-ի փոխարէն.

---Քիչ հաւանական է, որ ԱՄՆ-Իրան գործարքը կ'իրագործուի, իսկ եւ Իրանը կը հրաժարուի միջուկային ծրագրից:

***Կրնա՞ս աւելի վայելուչ դադրձնել հետեւեալ կառոյցը.

--- Անոնց ուղղուած մեղադրանքները երբեք համոզիչ չեն թուիր թէ՛  ո՛չ երկրէ ներս եւ թէ՛  ո՛չ  արտասահմանի շրջանակներուն։

***Սրբագրէ քերականական սխալը:

---Երանի գայ  (այն)  գեղեցիկ օր(ը) մը, որ ուր   սփիւռքն ու Հայաստանը ունենան ճանապարհ մը:

Ճիշդ պատասխանած են՝ Գեղամ Խաչատրեան (4), Միրնա Սիւլիւքճեան (6), Ցոլակ Ապտալեան (5), Գէորգ Եազըճեան (5), Դանիէլ Թիւ-ֆենք-ճեան (8), Համբարդձում Յարթունեան (5), Պերճ Տէր Սահակեան (6), Եփրեմ Թոքճեան (5):

            Մրցոյթ 21

***Ի՞նչ բառով կը լրացնես հայկական հետեւեալ առածը.

---Հացը տաշտէդ ա՛ռ, հարսը . . . . . . . . . . ա՛ռ:        

                     

***Հետեւեալներէն ո՞ր մէկը պիտի ընտրէիր.

---Ան առաւօտուն ճամբորդեց արտասահման:

---Ան առաւօտուն արտասահման ճամբորդեց:

---Ան արտասահման ճամբորդեց առաւօտուն:

***Հետեւեալին մէջ բառ մը սխալ կիրարկուած է. սրբագրէ՛ զայն.

---Ով որ կը հաւատայ ինծի, թէպէտ մեռնի ալ, պիտի ապրի

***Վերաշարադասէ՛ եւ կէտադրէ՛ հետեւեալները.

---Բանակը գրաւեց կասկածելիներու զէնքերը, զանոնք յանձնելով դատա-կան կառոյցներուն:

---Որոշումը տրուեցաւ. կը մնայ  նախագահութեան եւ Հըզպալլայի միջեւ երկխօսութեան ճամբով անոր գործադրութիւնը: 

           

Արմենակ Եղիայեան  
armenag@gmail.com