image

Երեւան.Սփիւռքահայ ուսուցիչներու վերապատրաստում

Երեւան.Սփիւռքահայ ուսուցիչներու վերապատրաստում

Յուլիս 1-ին, սկիզբ առած է Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարմնակրթութեան (ԿԳՄՄ) նախարարութեան նախաձեռնած Սփիւռքի հայկական կրթական հաստատութիւններուն մէջ դասաւանդող ուսուցիչներու նախապատրաստութեան ծրագիրը, որուն այս տարի կը մասնակցի 62 ուսուցիչ 10 երկիրներէ՝ Ռուսաստան, Հնդկաստան, Ուքրաինա, Թուրքիա, Գերմանիա, Սպանիա, Վրաստան, Լիբանան, Պելճիքա, Ֆրանսա։

Յուլիս 1-էն 27 երկարող վերապատրաստութեան դասընթացքները տեղի կ՚ունենան «Եղիշէ Չարենց» թիւ 67 դպրոցին մէջ, «Գիտելիքի կամուրջ» բնաբանով։

Բացման արարողութեան ուսուցիչներուն ուղղած իր խօսքին մէջ ԿԳՄՄ նախարար Ժաննա Անդրէասեան շնորհակալութիւն յայտնած է մասնակից ուսուցիչներուն, վերապատրաստող մանկավարժական խումբին՝ յուսալով որ վերջիններուս փորձառութիւնը, դիտարկումներն ու կարծիքները կը նպաստեն ծրագրի կատարելագործման: