Մէկանգամէն սկսան կրակել, չհասկցանք՝ ինչ կատարուեցաւ, «կրանատամիոտ»-ով երբ խբեցին, աչքերուս առջեւ սեւցաւ։ Կը կրակէի, բայց շատ չհասցուցի, որովհետեւ ի վիճակի չէի, չէի կրնար քալել։ Այս մասին «Զինուժ» մետիայի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է 28 Յուլիսի գիշեր ատրպէյճանական յարձակման հետեւանքով վիրաւորում ստացած ժամկէտային զինծառայող Դաւիթ Ղազարեանը։
Վիրաւորում ստացած միւս ժամկէտային զինծառայող Անդրանիկ Ալեքսանեանն ալ պատմած է, որ հակառակորդը յանկարծակի սկսած է հայկական ուղղութեամբ կրակ բանալ։
«Մենք նրանց հանարժէք պատասխան տուեցինք։ Ապաքինուելուց յետոյ պատրաստ եմ մեկնել զօրամաս ու ծառայութիւնս շարունակել, դիրքեր բարձրանալ ու մեր սահմանները պաշտպանել»,– ըսած է Անդրանիկ Ալեքսանեանը։
Ատրպէյճանական յարձակման հետեւանքով հայկական կողմը ունի 4 վիրաւոր, անոնցմէ մէկուն վիճակը ծայրայեղ ծանր է, մէկունը՝ միջին ծանրութեան, միւս երկուքինն ալ բաւարար։
Մանրամասն՝ տեսանիւթին մէջ։