Ուաշինկթոն կը պատրաստուի յառաջիկայ շաբաթ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ Ղարաբաղի հարցով բանակցութիւններու հերթական փուլ կայացնել՝ փորձելով յաղթահարել տարաձայնութիւնները եւ մշակել «ճանապարհային քարտէզ» խաղաղութեան համար, գրած է ատրպէյճանական Turan-ը՝ յղում ընելով դիւանագիտական աղբիւրներուն:
«Կը սպասուի, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներ Ճէյհուն Պայրամով եւ Արարատ Միրզոյեան ԱՄՆ-ի մայրաքաղաք ժամանեն երկուշաբթի, 1 մայիսին, պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հրաւէրով»,- յայտնած է աղբիւրը: Այլ մանրամասնութիւններ աղբիւրը չէ յայտնած՝ աւելցնելով, որ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը կրնայ «տեւել քանի մը օր»:
Պետական բաժանմունքը ուրբաթ օր լրագրողներուն որեւէ մեկնաբանութիւն չէ տուած: Սակայն Պետական բաժանմունքի պաշտօնական ներկայացուցչի տեղակալ Վետանթ Փաթել ամէնօրեայ ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է, որ Ուաշինկթոն « կը շարունակէ աշխուժօրէն զբաղիլ» Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայուն խաղաղութեան որոնմամբ: «Այդ բան մըն է, որուն խորապէս նուիրուած է պետական քարտուղար Պլինքըն, ինչպէս նաեւ աւագ համակարգող (Լուի) Պոնոն եւ պետական քարտուղարի օգնականի պաշտօնակատար (Տերեք) Հոկան»։
Պլինքըն արդէն բանակցութիւններ վարած է ինչպէս արտաքին գործոց նախարարներուն հետ (անցեալ տարուան նոյեմբերին Ուաշինկթոն), այնպէս ալ երկու երկիրներու ղեկավարներուն հետ (փետրուարին Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովին):
Առաջիկայ նախարարական հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ վաղեմի հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ Պաքուի եւ Երեւանի մօտ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարի բանակցութիւններէն ընդամէնը քանի մը օր անց:
Դիւանագիտական աղբիւրները յայտնած են, որ եթէ Ուաշինկթոնի բանակցութիւններուն յաջողի մշակուիլ խաղաղութեան «ճանապարհային քարտէզ», ուրեմն Եւրոպան կ'աւարտէ աշխատանքը՝ քանի մը շաբթուան ընթացքին, խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու համար ընդունելով Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի առաջնորդները», հաղորդած է ատրպէյճանական լրատուամիջոցը: