image

Միացեալ Նահանգներ եւ Ռուսիա քննարկած են Եւրոպա ռուսական կազի մատակարարումներու վերսկսման թեման. Ուշաքով

Միացեալ Նահանգներ եւ Ռուսիա քննարկած են Եւրոպա ռուսական կազի մատակարարումներու վերսկսման թեման. Ուշաքով

Ամերիկեան կողմին հետ կը քննարկենք Եւրոպա ռուսական կազի մատակարարումներու վերսկսման թեման։ Այս մասին «Ինթըրֆաքս»-ի հաղորդմամբ՝ յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով:

Աւելի վաղ արեւմտեան լրատուամիջոցները յայտնած էին, որ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու պաշտօնատար անձինք բանակցութիւններ վարած են Ռուսիայէն Եւրոպա կազի մատակարարումները վերսկսելու հարցով Ուաշինկթընի հնարաւոր օգնութեան շուրջ:

Տարբերակներու կարգին է ամերիկեան ներդրողներու կողմէ «Հիւսիսային հոսք» կազատարի մասնաբաժնի գնումը։