Միաբեւեռ աշխարհակարգի դարաշրջանը կ'երթայ դէպի անցեալ: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը Միջազգային անվտանգութեան հարցերով մոսկովեան 10-րդ համաժողովի հիւրերուն ուղղուած ուղերձին մէջ, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը։
Երկրի ղեկավարը նշած է, որ այժմ պատմական մաշտապի աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններն այլ ուղղութեամբ կ'ընթանան։
«Բազմաբեւեռ աշխարհակարգի ուրուագիծեր կը ձեւաւորուին, աւելի շատ երկիրներ կ'ընտրեն ինքնիշխան ուղի», - պարզաբանած է Փութին:
Ան նաեւ աւելցուցած է, որ Արեւմուտքի հեգեմոնիան (գերիշխանութիւնը) կը նշանակէ ամբողջ աշխարհի լճացում, ողջ քաղաքակրթութեան համար: