image

«Մեզ փորձելու են սադրել, ետ պահել խաղաղութեան օրակարգից, բայց մենք պէտք է անենք ամեն ինչ, որ այն դառնայ իրականութիւն»․Վաղարշակ Յակոբեան

«Մեզ փորձելու են սադրել, ետ պահել խաղաղութեան օրակարգից, բայց մենք պէտք է անենք ամեն ինչ, որ այն դառնայ իրականութիւն»․Վաղարշակ Յակոբեան

Մեզի պիտի փորձեն սադրել, ետ պահել խաղաղութեան օրակարգէն, բայց խաղաղութեան օրակարգը, որ հռչակուած է Հայաստանի քաղաքական իշխանութիւններու կողմէ, պէտք է անշեղօրէն եւ տրամաբանական քայլերով առաջ շարժի:

Այս մասին Ազգային Ժողովէն ներս լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին ըսած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Վաղարշակ Յակոբեանը։

Ըստ իշխանական պատգամաւորի՝ խաղաղութեան ճանապարհին Հայաստանը բազմաթիւ դժուարութիւններ կրնայ ունենալ, սակայն, ըստ անոր, քաղաքական առումով  խաղաղութեան օրակարգը առաջնահերթութիւն է։

Անդրադառնալով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի այն յայտարարութեան, թէ Ատրպէյճանի արեւելեան շրջանները Հայաստանի տարածքով Նախիջեւանին կապող ճանապարհը պէտք է գործէ առանց մաքսային եւ անձնագրային վերահսկողութեան, Վաղարշակ Յակոբեանը վստահեցուցած է, որ Հայաստանը ըրած է եւ կ՚ընէ ամէն ինչ, որ ունենայ բաց սահմաններ՝ պահպանելով իր ինքնիշխանութիւնը:

Անոր պնդմամբ՝ ամէն ինչ պիտի ընեն, որ խաղաղութեան օրակարգը դառնայ իրականութիւն։

«Հայաստանը խաղաղութեան օրակարգից շեղուելու ոչ մի ցանկութիւն չունի, բայց մենք պարտաւոր ենք ՀՀ-ի շահը վեր դասել ամէն ինչից»,-նշած է պատգամաւորը՝ միաժամանակ շեշտելով, որ իրենք կը շարժին այդ ուղղութեամբ, եւ այդ իշխանութեան համար գերխնդիր է։