image

Մեծն Բրիտանիա. Ցեղասպանութեան ճանաչման օրինագիծը պիտի քննարկուի 9 Նոյեմբերին

Մեծն Բրիտանիա. Ցեղասպանութեան ճանաչման օրինագիծը պիտի քննարկուի 9 Նոյեմբերին

Մեծն Բրիտանիոյ Համայնքներու պալատին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի առաջին ընթերցումը տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 9-ին։ Օրինագիծը պիտի ներկայացնէ պահպանողական խորհրդարանական Թիմ Լաութոնը. նպատակն է պաշտօնական ճանաչման եւ յիշատակութեան միջոցով ոգեկոչել Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Օրինագիծը ունի հիմնական երեք դրոյթ:

1) Օսմանեան կայսրութեան եւ անոր յարակից տարածքներուն մէջ 1915-1923թթ. հայութեան ջարդերու պաշտօնական որակում՝ որպէս ցեղասպանութիւն:

2) Ցեղասպանութիւններու, այդ շարքին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու ամյնամեայ ոգեկոչում:

3) Հայոց Ցեղասպանութեան եւ անբր առնչուող մարդու իրաւունքներու ժամանակակից խախտումներու եւ պատերազմական յանցագործութիւներու վերաբերեալ կրթութեան եւ հանրային տեղեկացուածութեան խթանում։

Օրինագծի ընդունումը պիտի հաստատէ Մեծն Բրիտանիոյ հաւատարմութիւնը «Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխելու եւ պատժելու մասին» օրէնքին եւ անոր հիմնական արժէքներուն: Միացեալ Թագաւորութեան, որպէս համաշխարհային խաղցողի դերն ու պարտականութիւնն է ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ յառաջ մղել Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւնը եւ մեծցնել մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու վերաբերեալ հանրային տեղեկացուածութիւնը:

Մեծն Բրիտանիան արեւմտյան այն սակաւաթիւ առաջատար երկիրներէն է, որ չէ ճանչցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ինչ որ կը վկայէ արդարադատութեան հիմնարար հասկացութիւններու պահպանման կոպիտ ձախողման մասին: Թիմ Լաութոնի օրինագիծը Մեծն Բրիտանիոյ հնարաւորութիւն կու տայ շտկելու անարդարութեան եւ անպատժելիութեան այս ընթացքը: