Անցնող 13 տարիներու աւանդութեան վերածուած «Այնճարի մեծարենցեան երեկոյ»-ներ գրական մշակութային ձեռնարկներուն այս տարուան առաջին հանդիպումը, որ շարքին 43-րդն է, եւ որուն նիւթն էր հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր երաժշտութիւնը, տեղի ունեցած է օրերս , Ղարիպեաններու «Հիւղը» բնակարանի բակին մէջ: Օրուան բանախօսն էր երաժշտագէտ, խմբավար, շուիահար ու տուտուկահար Զաքար Քէշիշեան:
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Պէյրութի մեր պաշտօնակից՝ «Ազդակ»էն։
Ստորեւ՝ թղթակցութիւնը ամբողջութեամբ։
Անցնող 13 տարիներու աւանդութեան վերածուած գրական երեկոները այս տարի եւս կը շարունակուին Այնճարի «Հիւղը» բնակարանին մէջ:
Այս տարուան առաջին հանդիպումը, որ շարքին 43-րդն է, տեղի ունեցաւ կիրակի, 6 յուլիս 2025-ի երեկոյեան, որուն նիւթն էր հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր երաժշտութիւնը: Օրուան բանախօսն էր երաժշտագէտ, խմբավար, շուիահար ու տուտուկահար Զաքար Քէշիշեան:
Մշակութասէր ունկնդիրները յաճախ 20-30 հոգի կ՛ըլլան: Զաքար Քէշիշեանի 7-րդ դասախօսութիւնն էր, որ տեղի կ՛ունենար այս բակին մէջ: Մինչ այս, նախորդ տարիներուն ան յաջորդաբար ներկայացուցած էր` Կոմիտաս, Աշուղ Ջիւանի, Արամ Խաչատուրեան, Բարսեղ Կանաչեան, «Անուշ» օփերա եւ Խաչատուր Աւետիսեան:
Զաքար Քէշիշեան իր դասախօսութեան սկսաւ` ըսելով, որ հայերը քրիստոնէութիւնը ընդունեցին ՔԵ չորրորդ դարու սկիզբը` 301 թուականին, Գրիգոր Լուսաւորիչի առաջնորդութեամբ, Տրդատ Արշակունի թագաւորին օրով: Իսկ հայերէն գիրերու գիւտը տեղի ունեցաւ Մեսրոպ Մաշտոցի կողմէ 405 թուականին: Եկեղեցւոյ առաջին հայերէն շարականները գրուեցան եւ երգուեցան Հայ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Սահակ Պարթեւ կաթողիկոսի կողմէ, 4-րդ դարու սկիզբը:
Զաքար Քէշիշեան յաջորդական դարերու հայ հոգեւոր երաժշտութեան կարեւորագոյն հեղինակներն ու անոնց վաստակը ներկայացնելով` հասաւ ԺԲ. եւ ԺԳ. դարեր` յիշելով Գրիգոր Նարեկացին, Ներսէս Շնորհալին, որոնք ստեղծեցին այնպիսի բարձր որակի հոգեւոր երաժշտութիւն եւ աղօթքներ, որոնք մինչեւ այսօր կը հնչեն մեր եկեղեցիներուն մէջ: Ան անդրադարձաւ նաեւ հայ երաժշտական խազագրութեան:
Ան յայտնեց, որ 14-րդ դարու վերջաւորութենէն մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբը մենք պետականութիւն չունեցանք, բայց հայ ժողովուրդը կրցաւ պահել իր գոյութիւնը հայրենի հողին վրայ եւ այլ երկիրներու մէջ` շնորհիւ իր եկեղեցւոյ, լեզուին ու մշակոյթին:
Քէշիշեան ըսաւ, որ 19-րդ դարու վերջաւորութեան Հայ եկեղեցին ունեցաւ քառաձայն պատարագ` յօրինուած Կարա Մուրզայի, Մակար Եկմալեանի եւ Կոմիտաս վարդապետի կողմէ, նշելով, որ անոնք մինչեւ օրս կ՛երգուին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ: Այնուհետեւ այլ երաժշտահաններ եւս բազմաձայնած կամ յօրինած են պատարագներ:
Դասախօսը յայտնեց, որ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կողմէ որդեգրուած վերջին շարականը Զարեհ արք, Ազնաւորեանի` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասման առիթով ստեղծագործած շարականն է, որ կ՛երգուի ամէն ապրիլ 24-ի:
Զուգահեռ, Զաքար Քէշիշեան շուիի եւ տուտուկի վրայ եկեղեցական մեղեդիներ նուագեց, ապա երգեց:
Անդրադառնալով արդի ժամանակներու հայ հոգեւոր երաժշտական կեանքին` դասախօսը յայտնեց, որ Հայ աւետարանական եկեղեցին ալ ունի յատուկ եկեղեցական երգեր, որոնք հաւատացեալներուն կողմէ կ՛երգուին: Ան մասնաւորապէս անդրադարձաւ «Նոր երգ» երաժշտախումբի ներդրումին:
Երեկոն շարունակուեցաւ հարցումներով եւ զրոյցով: