image

Այնճար հայաւանին մէջ նշուեցաւ ՀՅԴ 131-ամեակը

Այնճար հայաւանին մէջ նշուեցաւ ՀՅԴ 131-ամեակը

Շաբաթ, 11 դեկտեմբեր 2021-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Այնճարի հայութիւնը արժանաւոր կերպով նշեց ՀՅ Դաշնակցութեան 131-ամեակը` ժողովրդային տօնակատարութեամբ մը, որ տեղի ունեցաւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական եւ համացանցի յանձնախումբին:

Տօնակատարութիւնը բացուեցաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական եւ համացանցի յանձնախումբի անդամ Յովնան Քէշիշեան: Ան նախ ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու յիշատակը ՀՅ Դաշնակցութեան նահատակներուն: Ապա, կարճ եւ կուռ խօսքով մը ըսաւ, թէ այսօրուան համախմբումը այս սրահին մէջ թէեւ աւանդական ձեռնարկներու շարքին կը պատկանի, սակայն այս դժուար օրերուն ապացոյցն է մեր միասնականութեան, հաւատքին եւ մեր ծառայելու պատրաստակամութեան:

Ապա ՀՅԴ Լիբանանի «Յառաջ» պատանեկան միութենէն խումբ մը պատանիներ ներկայացուցին Սիամանթոյի «Ասպետին երգը» ասմունքը:

ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի անդամ Շահան Փանոսեան խօսք առնելով ներկաներուն ըսաւ, թէ կեանքի մերօրեայ դժուար պայմանները` թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ Լիբանանի մէջ, մեզի ոչ մէկ արգելք կը հանդիսանան նշելու Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 131-ամեակը եւ մեր երախտագիտութիւնը յայտնելու այս վեհ կուսակցութեան առաքելութեանց, որոնց կեդրոնացումը հանդիսացած է եւ կը շարունակէ հանդիսանալ հայրենի երկրի եւ հայ ազգի շահերու պաշտպանութիւնը: Բոլորս հաւաքուած ենք այստեղ զօրակցելու եւ մեր վստահութիւնը հաստատելու հայութեան իրաւունքներու պաշտպան կուսակցութեան:

Ապա, տեղի ունեցաւ տեսերիզի ցուցադրութիւն` ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղի կողմէ պատրաստուած, 131 տարուան ՀՅԴ պատմութեան եւ հերոսներու սխրագործութիւններուն մասին:

Այնուհետեւ, բեմ հրաւիրուեցաւ ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրաչ Վարժապետեան` ուղղելու օրուան պատգամը:

Հրաչ Վարժապետեան դիտել տուաւ, որ Դաշնակցութեան 131-ամեակը կը նշենք մեր ազգին ու հայրենիքին համար ոչ միայն ճակատագրական, այլ նաեւ օրհասական ժամանակաշրջանի մը ընթացքին: Ան նշեց, որ ՀՅԴ-ի օրը հաշուետուութեան օր է կուսակցութեան եւ ժողովուրդին միջեւ, որուն ծառան ու առաջնորդն է Դաշնակցութիւնը` աւելցնելով, որ ժողովուրդին սրտաբուխ նուիրատուութեամբ է, որ կարելի կ՛ըլլայ բազմակողմանի գործունէութիւն ծաւալել: Ըստ անոր, ա՛յս է կուսակցութեան գաղտնիքը` կախեալ ըլլալ ո՛չ ոքէ, ո՛չ մէկ կողմէ եւ հաշուետու ըլլալ միայն ու միայն ժողովուրդին:

Անդրադառնալով, Հայ դատի ճամբուն վրայ նահատակուած մուսալեռցի-այնճարցի ընկեր Գէորգ Հաճեանին` ան ըսաւ. «Սիրելի՛ ընկերս Գէորգ, այո՛, այս անգամ յաւերժացար եւ հակառակ դաւաճաններու կողմէ նախապէս ծրագրուած ու պայմանաւորուած պատերազմի պարտութեան, դուն եւ դաշնակցական գումարտակի ընկերները յաղթեցիք թուրքին, ազատագրեցիք ձեզի վստահուած Վարնկաթաղ գիւղը եւ զայն չյանձնեցիք, չզիջեցաք թշնամիին: Հանգչի՛ր հայրենիքի հողին մէջ, ընկեր, շարունակէ անդենականէն կորով ու կամք ներշնչել մեզի, որովհետեւ պէտք ունինք անոր, որովհետեւ պաշտած կուսակցութիւնդ, պաշտած հայրենիքդ ու ազգդ դեռ անաւարտ գործ ունին կատարելու, աւելի ճիշդ, գործդ շարունակելու»:

131-ամեակի տօնախմբութիւնը վերջ գտաւ ՀՅ Դաշնակցութեան քայլերգի երգեցողութեամբ` Դաշնակցութեան «Թեւ-թիկունք» կանգնելու հաստատ համոզումով եւ յանձնառութեամբ: